ԱՆԳԱՐԱ-ՊԵՐԼԻՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Գերմանիոյ խորհրդարանը այս Հինգշաբթի պիտի քննարկէ հայկական հարցին վերաբերեալ բանաձեւ մը։ Յունիսի 2-ին Պունտեստակ օրակարգի վրայ պիտի ունենայ նախագիծ մը, որուն մէջ 1915 թուականի դէպքերը կը բնորոշուին որպէս ցեղասպանութիւն։ Եթէ այդ բանաձեւը ընդունուի, ապա Պերլին պաշտօնապէս ճանչցած պիտի ըլլայ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։
Հայաստանի վարժարաններուն մէջ եզրափակուեցաւ 2015-2016 կրթական շրջանը։ Երկրի բոլոր վարժարաններէն ներս հնչեց վերջին զանգը։
Ֆաթիհ Սուլթան Մեհմէտի կողմէ Իսթանպուլի առումին 563-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ:
Մայիսի 28-ի Հանրապետութեան տօնին առթիւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ: