ՊԵԼԺԻՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՊԱԼԱՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ
Պելժիոյ Ներկայացուցիչներու ժողովը երէկուան իր լիագումար նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ ընդունեց հայկական այն բանաձեւը, որ երկու շաբաթ առաջ հաւանութեան արժանացած էր Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ եւ օր մը առաջ ալ անոր մասին քննարկումներ տեղի ունեցած էին լիագումար նիստի ընթացքին։
Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան առաքելութեան ղեկավար Թրայան Խրիստէա արդէն կ՚աւարտէ իր առաքելութեան ժամկէտը Հայաստանի մէջ։
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիուժա երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Պաքուի ջարդեր. 1905 թուական» գրքին շնորհանդէսը։ 20-րդ դարասկիզբին Պաքուի նահանգապետ եղած Ալեքսանտր Նովիքովի անձնական օրագրութեան մէջ արձանագրուած պատմական փաստերու վերահրատարակութիւնն է այս գործը, որ լոյս կը սփռէ այդ ժամանակ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վրայ։
Վերջին օրերու իրերայաջորդ ահաբեկչական դէպքերը երէկ քննարկուեցան կառավարութեան ժողովին ընթացքին:
ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու անդրադարձաւ համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու ուղղութեամբ գործընթացին եւ ԱՔ կուսակցութեան հետ յառաջ տարուած շփումներուն։