Լրահոս
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԲՆԱԳԱՒԱՌԻ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաքի հետ։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ուժանիւթի նախարարներուն ժողովը, որու շրջագծով տեղի ունեցաւ Նովաքի այցելութիւնը։
ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻՆ ՓՈԽԱՐԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութեան մէջ ներ&s
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ՍՈՒԳԸ
Հայկական ֆութպոլի արդի աստղերէն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան եւ իր ընտանիքը կ՚ապրին սուգի օրեր։
ԳԵՐՀԱՍՈՒՆՑԱԾ ՎԻՃԱԿ…
Սէրկէյ Լաւրով եւ Էլմար Մամէտեարով Մոսկուայի մէջ մանրամասն քննարկումներ ծաւալեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
«Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմավարական համագործակցութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հարաւային Կովկասի կայունութեան հաստատման համար»:
ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ «ԹՈՒՄՕ»
Ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոններու ցանցը կ՚ընդլայնուի ամբողջ Հայաստանի տարածքին:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԼԻԲԱՆԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր այցելութիւն մը կու տայ Պէյրութ՝ Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Ճիպրան Պասիլի հրաւէրով։
ՊԱԼԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԻԾԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան տեղեկացուց, որ քանի մը օր առաջ Երեւան տեղափոխուած են արքունի ճարտարապետներ՝ Պալեան գերդաստանի անդամներու նախագծային արխիւները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նարեկ Սարգսեան ընդգծեց, որ նախագծերը Երեւան տարուած են Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ։
2014-ԻՆ ՇՈՒՐՋ ԵՐԵՔ ՀԱԶԱՐ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՍՏԱՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ
Անցեալ տարի 13 հազար 266 հոգի ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն, իսկ 2200 անձ հրաժարեցաւ քաղաքացիութենէ։ Վերոյիշեալ նոր քաղաքացիներու շարքին կը գտնուին աւելի քան 3 հազար սուրիահայեր։
ՄԻՇՏ ՏՆԱՅԻՆ ԿԱԼԱՆՔ
Մոսկուայի քաղաքային դատարանը օրինական նկատեց ռուսահայ գործարար Լեւոն Հայրապետեանի տնային կալանքի ժամկէտին երկարաձգումը։
