ՊԵՏԻԿԵԱՆԷՆ ՍԻՐԱՎԷՊ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Լոս Անճելըսի մէջ վերջերս լոյս տեսած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գէորգ Պետիկեանի նոր գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը»։ Գէորգ Պետիկեան մօտէն ծանօթ է այն լսարանին, որ արեւմտահայերէնով հաղորդակցութեան ի վիճակի է։
Զօրավարները քննարկեցին պաշտպանութեան ոլորտի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը կրնայ բանալ՝ Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումէն վերջ։
Եւրոմիութեան նախագահ Շարլ Միշէլ նամակներ ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ կոչ ուղղելով աւարտին հասցնել խաղաղութեան համաձայնագիրը։
«Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի Թեհրանի մէջ սպանութեան դէպքին արձագանգները կը շարունակուին։ Միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը յանկարծ շեղուած է այս մահափորձին վրայ՝ մինչ մտահոգութիւնները կը խորանան տարածաշրջանէն ներս պատերազմի ընդլայնման հաւանականութեան բերումով։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ յառաջիկայ աշնան նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը կը շարունակէ տակաւ միջազգային անմիջական ուշադրութեան արժանանալ։ Հանրապետական կուսակցութիւնը առաջադրած է նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի թեկնածութիւնը։
Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի վերահսկման տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութիւն:
Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասըրեան յայտնեց, որ Չինաստանի հետ բարձր մակարդակով համագործակցութիւնը կը զարգանայ նաեւ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս։
«Նոր նիւթ» խորագրեալ ուշագրաւ ցուցահանդէս մը՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ: