360 ԱՍՏԻՃԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկահայ փորձառու դիւանագէտին մէջբերումները հարցազրոյցի ընթացքին. «Վստահէ, բայց ստուգէ՛։ Աստուած կ՚օգնէ անոնց, որոնք կ՚օգնեն իրենք իրենց»:
Դեսպան Էտուըրտ Ճէրէճեան. «3+3 ձեւաչափով հարթակը Երեւանի համար շատ կարեւոր է՝ կենսունակ դիւանագիտութիւն վարելու տեսակէտէ։ Հայաստան պէտք է մացառախոզ դառնայ»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սեմենթա Փաուըր արդէն աւարտելու վրայ է դէպի Հայաստան ներկայ այցելութիւնը։ Ան բազմաբնոյթ ծրագիր մը իրականացուց Երեւանի կեցութեան օրերուն՝ մասնաւորապէս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ քննարկելով Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի պատրաստութեան գործընթացին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։
Այսօր Ուաշինկթընի մէջ տեղի կ՚ունենայ Արարատ Միրզոյեանի, Էնթընի Պլինքընի եւ Ճէյհուն Պայրամովի սպասուած հանդիպումը:
Թէ՛ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ Իլհամ Ալիեւ հեռախօսազրոյցներով շնորհաւորեցին Մեսուտ Փեզեշքիանը:
Երեւանի ղեկավարութիւնը վերահաստատեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) շրջանակներէն ներս սերտ համագործակցութեան միջոցաւ տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ տնտեսական կապերը ամրապնդելու յանձնառութիւնը։
Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Հայ բանասիրութեան հեռանկարներ» խորագրեալ գիտաժողով մը, որ ունէր միջազգային բնոյթ։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած էր ձեռնարկը՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանին հետ համագործակցութեամբ։
ՆԱԹՕ-ի 75-ամեակի գագաթաժողովը Ուաշինկթընի մէջ. հրաւիրուած են նաեւ Երեւանն ու Պաքուն՝ նոր ուղիղ շփումի մը սպասումով:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սեմենթա Փաուըր երէկ ժամանեց Երեւան, ուր «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պարոյր Յովհաննիսեանի կողմէ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին։ Այս երկօրեայ պաշ տօնական այցելութիւնը Մոտիի առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է վերընտրուելէ վերջ։
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ Փեքինի մէջ հիւրընկալեց Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը։ Այս վերջինը մօտաւոր անցեալին այցելած էր Քիեւ ու Մոսկուա։