ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՆՈՐ ՁԳՏՈՒՄԸ
«Քարնեկի» հիմնարկի աւագ փորձագէտ Թոմաս տը Վաալ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Ռուսաստան կը փափաքի իր սահմանապահները տեղակայել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ»։
Շաբաթավերջին թողարկուած յայտարարութիւններուն մէջ ան դիտել տուաւ, որ Ռուսաստան իսկապէս կը փափաքի մաս կազմել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացին։
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը շաբաթավերջին արձագանգ հանդիսացաւ «Indian Defense Research Wing»ի հաղորդումներուն։ Այսպէս, Հնդկաստանի կողմէ վերջերս Հայաստանին տրամադրուած ATAGS հրետանային համակարգերը արդիականացուած ու կատարելագործուած են՝ «Bharat Forge»ի կողմէ։
Մարզական աշխարհին ուշադրութիւնը երէկ երեկոյեան կեդրոնացած էր ֆութսալի Եւրոպայի լիկի ախոյեաներու եզրափակիչին վրայ, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ մրցաշարքի աւարտականը՝ Սպանիայէն «Պարսելոնա»ի եւ «Փալմա»ի միջեւ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի արդիականացման աշխատանքները, որոնք որոշ ժամանակէ մը ի վեր ընթացքի մէջ էին, արդէն հասած են իրենց աւարտին։
Երէկ, Մամլոյ ազատութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Հայաստանի մէջ պարգեւատրուեցաւ յայտնի լրագրող Հեղինէ Բունիաթեան, որ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հայկական ծառայութեան ղեկավարն է։
Արեւմուտքը կը ջանայ Ռուսաստանի դէմ պատերազմի մթնոլորտին մէջ առանձին չթողուլ Ուքրայնան:
Տանըլտ Թրամփ թերահաւատ՝ երկու պետութեան հիմունքով լուծման հեռանկարի պարագային:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կուսակցապետը՝ Էօզկիւր Էօզէլը։ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու վերջին ընտրութիւններու արդիւնքներով պայմանաւորուած քաղաքական կլիմային մէջ անոնք զրուցեցին աւելի քան մէկուկէս ժամ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովը (USCIRF) 2024 թուականի տարեկան զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ հայաթափուած Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան։