ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԽՕՍՈՅԹԻՆ ՆՈՐ ՈՐԱԿԸ
Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան չի բացառեր, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանի այլ հատուածներուն մէջ կրնան կրկնուիլ՝ քանի մը օր առաջ Ներքին Հանդի մէջ պատահած դէպքերը։
Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան չի բացառեր, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանի այլ հատուածներուն մէջ կրնան կրկնուիլ՝ քանի մը օր առաջ Ներքին Հանդի մէջ պատահած դէպքերը։
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները տնտեսութեան հրաժարեալ նախարար Վահան Քերոբեանի համար տնային կալանք սահմանեցին։ Հակափտածութեան ատեանին կողմէ արձակուած վճիռը երկու ամսուան ժամկէտ մը կը նախատեսէ։
Երեւանի Մատենադարանը վերջերս օժտուեցաւ նոր սարքաւորումներով։ Այսպէս, «Բադալեան եղբայրներ» ընկերութիւններու խումբի համահիմնադիր ու նախագահ Վահէ Բադալեանի կողմէ Մատենադարանին նուիրուեցաւ՝ ձեռագրերու կազմերու 3D ձեւաչափով սքենաւորման սարք մը, որու շնորհիւ էապէս կը մեծնայ ձեռագրերու կազմերու ուսումնասիրման առանձնայատկութիւններու որոշարկման, ինչպէս նաեւ հաւանական վնասներու բացայայտման հնարաւորութիւնը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Արա Կիւլէրի թանգարանին պատասխանատուները՝ գլխաւորութեամբ Չաղլա Սարաչի։ Ծանօթ է, որ աշխարհահռչակ անմոռանալի վարպետին անգնահատելի ժառանգութիւնը արժեւորելու առաջադրութեամբ կ՚աշխատի այս թանգարանը, որ խարսխուած է «Պոմոնթիատա»ի համալիրէն ներս։
Կը տեղեկանանք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ վիրահատութեան մը ենթարկուած է սփիւռքահայ երէց սերունդի մտաւորականներէն Գէորգ Պետիկեան, որու հիւթեղ գրիչին արգասիքը փնտռուած է ամբողջ աշխարհի՝ արեւմտահայերէնով հաղորդակցութեան հետամուտ լսարանէն ներս։
Ֆիտան եւ Տարչիաշվիլի Անգարայի մէջ անդրադարձան Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացին:
Յաջորդ ամիս նախատեսուած է Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը:
Թէ՛ Մոսկուա եւ թէ Թեհրան ակնյայտօրէն դէմ են Հարաւային կովկասէ ներս օտար ուժերու ներկայութեան:
Փաթրուշեւ. «Արեւմուտքը կը փորձէ տարածաշրջանի իրավիճակը ցնցել ու խանգարել Երեւան-Պաքու կարգաւորումը»:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեան մը ձեռնարկած է՝ դէպի Գերմանիա։ Ուղեւորութիւնը կը շարունակուի մինչեւ փետրուարի 18-ը։
Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանի հրաժարականի արձագանգները կը շարունակուին։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի Քննչական կոմիտէն կը հարցաքննէ Տնտեսութեան նախարարութեան շարք մը աշխատակիցներ։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ երրորդ աշխարհամարտը արդէն մօտ է։
Երէկ, Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ Ալիեւի երդման արարողութիւնը՝ հերթական պաշտօնամուտին առթիւ։