ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՏԱՐԱՆՑՄԱՆ ՆՈՐ ԾՐԱԳՐԵՐ ԿԸ ՄՇԱԿՈՒԻՆ
Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան առեւտրային կցորդ Վարդան Կոստանեան յայտարարեց, որ ներկայիս քննարկման փուլի մէջ կը գտնուի հայկական ապրանքները Իրանի տարածքով դէպի արաբական երկիրներ եւ Հնդկաստան արտածելու տարբերակը։
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտասովոր խանդավառութեամբ այսօր կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակի տարեդարձը կը զուգադիպի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան դարադարձին։ Սա հարիւր տարի առաջ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի եւ զինակից ընկերներուն կողմէ տարուած յաղթանակի իմաստին եւ արժէքին նորովի գնահատման առիթ կը դառնայ։
Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հետամուտ խորհրդաժողով. մէ՛կ աշխարհ, մէկ ընտանիք, մէկ ապագայ:
Մաքրոն զրուցեց Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ՝ մինչ Փարիզ հետզհետէ իրերը կը բնորոշէ իրենց անունով:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ երկուշաբթի՝ սեպտեմբերի 4-ին Սոչիի մէջ պիտի ընդունուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի պետ Հիքմէթ Հաճիեւ BBC-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ պաշարեալ Արցախի վիճակին շուրջ։
ԱՔ կուսակցութիւնը կը պատրաստուի համագումարի։ Այսպէս, կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի հոկտեմբերի 7-ին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարար Ճինա Ռէյմոնտօ այս օրերուն կ՚այցելէ Չինաստան։ Քառօրեայ ուղեւորութեան ծրագրի առաջին փուլը կը հանդիսանան Փեքինի իր շփումները։
Մաքրոն կը պատրաստուի այս փուլին դարձեալ շփման մէջ անցնիլ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ: