24 ԱՊՐԻԼ. 108-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ…
Համայն հայութիւնը այսօր դարձեալ համախումբ է 24 Ապրիլի առթիւ։ Աշխարհի չորս ծագերուն հայերը կ՚ոգեկոչեն իրենց սուրբ նահատակները։ 1915-ի ցեղասպանութենէն 108 տարի անց աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը բիւր յարգանքով իր խոնարհումը կը բերէ նահատակներու նուիրական յիշատակին առջեւ՝ խնդրելով անոնց բարեխօսութիւնը։
Երէկ, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ նշուեցաւ 23 Ապրիլի Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Ազգային մեծ ժողովի բացման 103-րդ տարեդարձն ալ նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։
Երեւան միշտ օրակարգի վրայ կը պահէ Պաքուի կողմէ Լաչինի միջանցքին ապօրինի ձեւով փակ պահուիլը՝ մարդասիրական հետեւանքներով հանդերձ:
«Գրադարանը կրթութեան բաց հարթակ» խորագրեալ նախաձեռնութիւնը ունի զանազան բաղադրիչներ:
Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմանի պայմանաւորուածութիւնները միակ իրական հիմքն են իրավիճակի կարգաւորման համար։
Չինաստանի միջնորդութեամբ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ապահովուած ձիւնահալը հետզհետէ կը զարգանայ դիւանագիտական գետնի վրայ։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Թեհրան-Ռիատ մերձեցման լոյսին տակ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորը երկիր հրաւիրուած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Նիկոլ Փաշինեան. «Կը յուսամ, թէ յառաջիկային Թուրքիա-Հայաստան սահմանը իրօք կը բացուի եւ հիմք կը ստեղծուի բնական յարաբերութիւններու զարգացման համար»:
«Yolcu» թատերախումբին եւ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ համատեղ ջանքերով բեմադրուած «Կոմիտաս» ներկայացումներու շարքը կը շարունակէ գեղարուեստական աշխարհէ ներս բարձր գնահատանքի արժանի դառնալ։
Պաքուի ղեկավարութիւնը այս օրերուն կը հիւրընկալէ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհէնը, որ եռօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Ատրպէյճան։ Էլի Քոհէն այս շրջանակին մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։