ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Նիւ Եորքի շրջանի հայկական միակ ամենօրեայ դպրոցի համալիրէն ներս արտասովոր հրճուանք:
Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան հանդէսով մը հիւրընկալուեցաւ Սրբոց Նահատակաց վարժարանի երդիքին տակ:
Նիւ Եորքի շրջանի հայկական միակ ամենօրեայ դպրոցի համալիրէն ներս արտասովոր հրճուանք:
Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան հանդէսով մը հիւրընկալուեցաւ Սրբոց Նահատակաց վարժարանի երդիքին տակ:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Թեհրանէն հնչած պաշտօնական յայտարարութիւններուն ամենէն ուշագրաւ բաժինը այն էր, որ Իրանի ընկերութիւնները պատրաստ են զարգացնել Հայաստանի հետ փոխադրումները եւ նոր տարանցիկ անցք մը ստեղծել Հայաստանի եւ Պարսից ծոցի միջեւ՝ Արեւելեան Ատրպէյճանի Նորտուզ գիւղով:
Մինչ համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը արդէն թափով հունի մէջ մտած է, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վերաբերեալ իրադարձութիւնները մէկ կողմէ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան, միւս կողմէ կ՚ընկալուին խոր մտահոգութեամբ։
Էրտողան եւ Փութին հեռախօսազրոյց մը ունեցան՝ միջազգային ընտանիքի վառ հետաքրքրութեան պայմաններով:
Թուրքիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած՝ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի լրաքաղութեան սպասարկութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը մեծ նշանակութիւն ունի Ուքրայնայի իրադարձութիւնները դաշտի վրայ վերահսկելի սահմաններու մէջ պահելու տեսակէտէ: Համաշխարհային դերակատարները՝ ներառեալ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կ՚ողջունեն՝ Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի փոխադրութեան համաձայնութեան եւս 120 օր երկարաձգման որոշումը:
Թերթիս երէկուան թիւին մէջ հրատարակուած՝ «Արաս» հրատարակչութեան երդիքին տակ կազմակերպուած գիրքի շնորհանդէսին վերաբերեալ նկարագրութեան մէջ պատահած էր ցաւալի վրիպում մը:
Աշխարհահռչակ անմոռանալի վարպետի արխիւէն գրողներու դիմանկարներով մեծ ցուցահանդէս մը:
«Bir Avuç Güzel İnsan»ին մէջ ներկայացուած է նաեւ Արա Կիւլէրի կողմէ լուսանկարուած՝ հոգելոյս Արա Գօչունեանը:
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Nereden Nereye» գիրքը, որ սփիւռքահայ յայտնի գործիչ ու բարերար Հրաչ Քըրմըզեանի կեանքի ոդիսականը կը ցոլացնէ։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս առաւօտ հիւրընկալեց Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը, որ կ՚այցելէ Պաքու։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միշուսթին աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պաքու եւ Ալիեւի հետ իր հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ ընդլայնուած կազմով։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան երկրորդ տարելիցին (…) պատահական չէ, որ Ատրպէյճանի նախագահը կը մեկնի բռնագրաւուած Շուշի եւ այնտեղէն յոխորտանքներ կը հնչեցնէ: Եթէ շրջանցենք ներքին լսարանին ուղղուած բաժինը, կը կեդրոնանանք հայկական կողմին եւ միջազգային հանրութեան վերաբերող ուղերձներուն վրայ:
Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային իրադարձութիւնները միշտ կ՚ընթանան թափով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։