Լրահոս

ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր ժամադրուած են Սոչիի մէջ:
Երեւան եռակողմանի բանակցութիւններուն կը մասնակցի՝ առաջին հերթին Մոսկուային հասցէագրուած յստակ ակնկալութիւններով: Արցախի հայութիւնը ձայն բարձրացուց՝ Ստեփանակերտի հանրահաւաքով:

«ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ»

Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորականին ուսումնասիրութիւնը լոյս կը սփռէ Սուրբ Քաղաքի պատմութեան երեսակներուն վրայ:
Քլոտ Մութաֆեանի մասնակցութեամբ շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Մատենադարանի երդիքին տակ, ուր նաեւ պարգեւատրուեցաւ գիտնականը:

ՇԻՐԱԿ ՇԷՇԷԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «MAMUT ART PROJECT»ԻՆ

Անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին Իսթանպուլի մէջ գեղարուեստասէրներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր «Mamut Art Project»ին վրայ, որ տեղի ունեցաւ «Yapı-Kredi Bomontiada»ի համալիրէն ներս։ Այս ծրագրի կազմակերպչական աշխատանքները ղեկավարուած են մեր համայնքէն Սէրտա Արսլանի կողմէ։

ՕՐՏՈՒԻ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՅԵՐՆ ԱԼ ՄԱՀԱՑԱՆ

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր կը տեղեկացնէ, որ Օրտուի մէջ մահացած են քաղաքի վերջին հայ բնակիչները՝ տքթ. Տիգրան Թորաման (90) եւ քոյրը՝ դեղագործուհի Արտեմ Թորաման (86)։ Թերթը կը գրէ, որ եղբայր ու քոյր Թորամանները մահացած են մէկ օրուան տարբերութեամբ։

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ 99 ՏԱՐԵԿԱՆ

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 99 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԿԱՊԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՎԵՐԵԼՔԻ ՍՊԱՍՈՒՄ

«India Narrative» կայքէջը ծաւալուն յօդուածով մը անդրադարձաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի վերջերս Հնդկաստան կատարած այցելութեան։ Այսպէս, կ՚ակնկալուի, որ պաշտպանութեան ոլորտէ ներս երկու երկիրներու համագործակցութիւնը վերելք արձանագրէ։

ԺԱՄԱՆԱԿ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանէն բիւր մղոններ հեռու լոյս կը տեսնէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, բայց ամենօրեայ ներկայութիւն է հայրենի հողին վրայ: Հայաստանով ապրող, շնչող եւ հայեացքը դէպի մեր չքնաղ հայրենիքը յառած 115-ամեայ թերթը բազում տօնական օրեր ունեցած է նաեւ Հայաստանի մէջ եւ տակաւին պիտի ունենայ…

Էջեր