ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ HARD ROCK CAFE ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ
Երեւանի մէջ յառաջիկայ շրջանին պիտի բացուի Hard Rock Cafe մը։ Մօտաւոր ապագային ան պիտի սկսի գործել, մինչ նախընթաց օր զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպուեցաւ ծանօթացման հաւաքոյթը։
Առանձին, մայր բնութեան ծոցին մէջ՝ մարդը... Երբեմն այնքան թեթեւ, երբեմն ալ մտքերով այնքան ծանր, որ կարծես անշարժունակ կը դառնայ։ Զանգուածին մէջ միսմինակ է մարդ երբեմն, իսկ երբեմն ալ առանձնութեան պահերու խոհերը զինքը կրնան առաջնորդել երեւակայական բազմութիւններու մէջ։
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նոր հանդիպման մը հեռանկարը ուրուագծուած՝ հորիզոնին վրայ:
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակէ օրակարգը առաջնահերթօրէն զբաղեցնել՝ մէկ կողմէ թեր ու դէմ կարծիքներով եւ քաղաքական բանավէճով, իսկ միւս կողմէ նաեւ զանազան գործնական քայլերով։ Այսպէս, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչները՝ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան Վիեննայի իրենց վերջին հանդիպման ժամանակ պայմանաւորուած էին, որ սահմանը բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Էնթընի Պլինքըն անդրադարձան նաեւ Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացին:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փրակ, ուր կը հիւրընկալուի Չեխիոյ Արտաքին գործոց նախարար Եան Լիփավսքիի եւ Ծերակոյտի նախագահ Միլոշ Վիսթըրչիլի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Չեխիա այս շրջանին Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկիրն է։
Գալիֆորնիոյ պետական համալսարանի հրատարակչատան հայկական մատենաշարի 16-րդ հատորը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան համար հրապարակուած նոր կանոնադրութեան լոյսին տակ, անցեալ շաբաթավերջին մեր համայնքին տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցած է։ Այսպէս, թրքահայ քանի մը վաքըֆներու ներկայացուցիչներ առիթն ունեցած են մէկտեղուելու եւ խորհրդակցելու Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն ներկայացուցիչներու հետ, որոնք եկած էին մայրաքաղաքէն։
Լոզանի համաձայնագրի ստորագրման 99-րդ տարեդարձը այս տարի նշուեցաւ՝ Անգարա-Աթէնք առանցքի առկայ լարուածութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Յունաստանի հետ խորացած տարակարծութիւնները պատճառ դարձան, որ Թուրքիա խիստ բողոք արտայայտէ։