ԹՈՒՐՔԻԱ ԿՐՆԱՅ ՆՈՐ ՔԱՅԼԵՐ ԱՌՆԵԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ հանդէս եկաւ ծաւալուն յայտարարութիւններով։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, նիստի աւարտին ան արտայայտուեցաւ երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքական օրակարգի բազում նիւթերու շուրջ։
Էրտողան Պրիւքսելի շաբաթավերջի եռակողմանի հանդիպման շուրջ տեղեկութիւններ քաղեց Ալիեւէն:
Արտաքին գործոց նախարարի կողմէ 15 տարի վերջ առաջին այցելութիւն՝ նոր իրադրութեան պայմաններով:
Կալուածոց շուկային մէջ շատ բան կախում ունի բնակարանի մը տեսադաշտէն։ Տուն մը սուղ կ՚արժէ, եթէ ունի լաւ տեսարան։ Բայց միթէ այդքա՞ն միայն…
Երէկուան հանդիպումէն վերջ Փաշինեան, Միշել եւ Ալիեւ դարձեալ ժամադրուեցան ամրան համար:
Հայաստան այս օրերուն կը հիւրընկալէ Եւրոպայի բռնցքամարտի առաջնութիւնը։ Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքի պաշտօնական բացման առթիւ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ «Տարիւլաճէզէ»ի նոր համալիրի հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Սա պիտի ըլլայ ընդարձակ համալիր մը՝ քաղաքի համազօր։
Թորինոյի մէջ ԵԽ-ի ժողով. «Այսօր մենք ականատես կ՚ըլլանք անվտանգութեան ճարտարապետութեան վերահաս անկման, ինչ որ չէ սկսած վերջին քանի մը ամիսներուն»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, թէ իր երկիրը պատրաստ է աջակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան շփումներու աշխուժացման։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ մասնակցեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու վարչապետներու խորհուրդի ժողովին։ Այս առթիւ ան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը չի կրնար լուծուիլ ուժի ճամբով եւ հայկական կողմը կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան միջնորդական դերին՝ հակամարտութեան բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական կարգաւորման ուղղեալ խաղաղ գործընթացի յառաջխաղացման գործընթացին մէջ։