«ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՄԷԿ-ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ՎԵՐՋ ԴՈՒՐՍ ԿՐՆԱՅ ՄՆԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԷՆ»
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի նախկին ժամանակաւոր պաշտօնակատար Միքայէլ Համբարձումեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով անդրադարձաւ երկրէն ներս հետզհետէ ծաւալող հակառուսական տրամադրութիւններուն։
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը տեղեկացուց, որ պիտի մասնակցի Աւանդական ու համաշխարհային կրօններու առաջնորդներու համագումարին։
Վլատիմիր Փութին շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա երէկ իֆթարի սեղան մը կազմակերպեց քաղաքի զանազան շրջանակներէ ներկայացուցիչներուն համար։ «Չըրաղան»ի պալատէն ներս կազմակերպուած ընթրիքին մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ։
Երէկ, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն։ Սա առաջին փուլն էր, որմէ յաղթական դուրս եկան երկրի այժմու ղեկավարը՝ Էմմանիւել Մաքրոն (27.6%) եւ «Ազգային Ճակատ»ի ղեկավար Մարին լը Փեն (23.4%)։
«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա պատրաստակամ չեն Ռուսաստանի հետ համագործակցելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով»:
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հովանաւորած ծրագիրը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նախընթաց օր Պրիւքսելի մէջ՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին Ալիեւ Էրտողանի հետ քննարկեց՝ նախօրէին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքներն ու առնուած որոշումները։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները առաջնահերթօրէն շօշափեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին վերաբերեալ զանազան հանգամանքներ։