Լրահոս

ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԵՏ ՇՓՈՒՄ

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքոյի հետ։ Ըստ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեանի կողմէ հրապարակուած մանրամասնութիւններուն, զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։

ՋԵՐՄ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ նոր համաձայնութիւններ ու նոր սկիզբ:
Նախագահ Էրտողան Ապու Տապիի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ գահաժառանգ Էլ Նահիանի կողմէ:

ԵՄ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր օրուան տեւողութեան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի կողմէ։

PFIZER-Ի ՊԱՏՈՒԱՍՏԱՆԻՒԹԵՐ

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ֆաիզեր» դեղագործական ընկերութեան միջեւ կնքուած պայմանագրի հիման վրայ՝ «Քովիտ-19»ի դէմ mRNA հիմքով Pfizer պատուաստանիւթի 100 հազար 620 դեղաչափ խմբաքանակ ներածուեցաւ Հայաստան։

ՊԱՀԵՐԷ ԱՆԴԻՆ…

Ամէն ինչ բաժիններէ եւ ենթաբաժիններէ բաղկացած է։ Ամէն ամբողջ, որքան ալ մեծ ըլլայ, ունի մասեր։ Մարդկային մարմինը բջիջներու ամբողջ մըն է։ Երկնաքերերը ունին յարկաբաժիններ, որոնք ալ, իրենց հերթին, սենեակներ։ Հասարակութիւնը անհատներու համախմբում մը չէ՞…

Էջեր