Լրահոս

ՀՈՒԼՈՒՍԻ ԱՔԱՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՓԱՔԻՍՏԱՆ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար այս օրերուն կ՚այցելէ Փաքիստան։ Իսլամապատի մէջ ան կը քննարկէ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտներէ ներս Թուրքիա-Փաքիստան համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղեալ հարցեր։

ՄԵԾԱՄՕՐԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հարաւային Կովկասէ ներս առաջին աթոմակայանը Հայաստանի մէջ հիմնուած էր 55 տարի առաջ՝ Խորհրդային Միութեան կառավարութեան որոշումով:
Օտար մասնագէտներ Երեւանի հաւաքոյթին ժամանակ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տուին միջուկային փորձագիտութիւններու մասին:

«ԽԵՑԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐՏԷԶ»

Օշականի մէջ կ՚իրականացուի «Խեցեգործութեան պարտէզ» ծրագիրը։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ Օշականի Մշակոյթի պալատին մէջ սկսած է «Խեցեգործութեան պարտէզ» ծրագիրը:

ՔՈՒԷՅԹԱՀԱՅ ԲԱՐԵՐԱՐ ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ «ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐԸ՝ ՌԱՖՖԻ ԹԱՇՃԵԱՆ

Քուէյթահայ գործարար եւ յայտնի ազգային գործիչ Կիրակոս Գույումճեան կը շարունակէ իր նպաստը բերել ինչպէս Հայաստանի վերաբերեալ նախագիծերու, այնպէս ալ սփիւռքի հայապահպանութեան ուղղեալ ծրագրերու։ Ան կ՚առաջնորդուի այն սկզբունքով, թէ ուսումը ամենաազդու զէնքն է՝ յաղթահարելու համար կեանքի անանցանելի խոչընդոտները։

ԱՐՏԱԾՈՂ ԵՐԿԻՐ

«Business Insider»ի մեկնաբաններէն Պրիմէլոուի կողմէ Թուրքիոյ վերաբերեալ ուշագրաւ վերլուծութիւն:
Անգարա ռազմարդիւնաբերական արտադրութիւնը կը զարգացնէ՝ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներու պատժամիջոցներուն բերումով:

ԷՕՄԷՐ ՉԵԼԻՔ. «ԹՈՒՐՔԻԱ ԳԱՂԹԱԿԱՆԱՑ ՃԱՄԲԱՐ ՉԷ»

Մինչ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները երկար ներկայութենէ մը վերջ դուրս կը բերէ իր զօրքերը Աֆղանիստանէն, առանց այդ երկրի խնդիրներու վերջնական կարգաւորման, միջազգային օրակարգին վրայ այժմ տեղ կը զբաղեցնէ աֆղան գաղթականներու նոր ալիքի մը դիմագրաւման հարցը։

ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՍԵՄԻՆ ՔԱՅԼԵՐ

Յառաջիկայ սեպտեմբերի երկրորդ կէսին նախատեսուած է 2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտը։ Այս փուլին ընդառաջ Թուրքիոյ մէջ կը նախատեսուի նախազգուշական զանազան միջոցներու հաստատումը, որպէսզի քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը չկաղայ։

Էջեր