ԻՖԹԱՐԻ ՀՐԱՒԷՐ
Փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները վաղը պիտի հիւրընկալուին Պեշթեփէի համալիրէն ներս:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին հրաւիրուած են նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Պետրոս Շիրինօղլու: Անգարայի մէջ համայնքային վաքըֆներու կալուածական իրաւունքներու հարցերը եւ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնն ալ հաւանաբար արժեւորուին ընթրիքի ընթացքին:
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու գերակայ խնդիրն է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ բանակցութիւններու վերսկսումը։
Հայաստանի մէջ արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկելու ուղղեալ գործընթացը կը շարունակուի:
Թուրքիայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիպիա։ Անգարայի եւ Թրապլուսի իշխանութիւններուն կողմէ այս առթիւ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան Արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւններուն շուրջ։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները պէտք է անհրաժեշտ արձագանգի արժանանան, որպէսզի կանխուին եւ յառաջ չերթան՝ մարդու իրաւանց տեսակէտէ աւելի ծանր հետեւանքներ։
Ցաւով տեղեկացանք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի արուեստագիտուհի Նորա Ազատեան, որ ծանօթ հասարակական գործիչ Երուանդ Ազատեանի կողակիցն է։ Տիթրոյթի մէջ Նորա Ազատեան 29 ապրիլի երեկոյեան հեռացած է կեանքէն՝ խոր ցաւ պատճառելով իր սիրելիներուն։
«The Economist». «Անգարա եւ Պաքու Երեւանէն կը պահանջեն համակերպիլ պարտութեան հետ»: Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Ատրպէյճան կողմնակից է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու:
Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Արտակ Դաւթեան նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ եւ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ զօրավար Վալերի Կերասիմովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։
Արցախի պատերազմի եւ համաճարակի հետեւանքներով յառաջացած տագնապի յաղթահարման ջանքեր: ՀԲԸՄ առցանց գագաթաժողով մը կազմակերպեց՝ հայաշխարհի կարիքներու դիմագրաւման որոնումներուն շուրջ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համայնքային շրջանակներու համակրելի դէմքերէն Արամ Քալենտերօղլուի «Կալաթա» ընկերութիւնը դասուած է Թուրքիոյ լաւագոյն գործատուն։ Այսպէս, «Կալաթա» բեռնափոխադրութեան ընկերութիւնը Թուրքիոյ՝ 2021 թուականի լաւագոյն գործատուի պարգեւին արժանացած է, 100-250 աշխատողներով ընկերութիւններու դասաւորման մէջ։