ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԴՐԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԸ ՏԵՍԱԿԱՆԱՑՆԵԼ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։
Երեւանի Մաշտոցի պողոտային մէջ բացուեցաւ գետնանցում մը, որ Տիանա Աբգարի եւ Միսաք Մանուշեանի յիշատակին ձօնուած պուրակները իրարու կը միացնէ։ Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը։ Պատրիարքարան այցելութեան ընթացքին ամերիկացի դեսպանին ընկերացան Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Տարիա Տերնըլ եւ դեսպանատան անձնակազմէն Քեւըն Մոսս։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուած չէ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարներու հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ տարածքաշրջանի ներկայ իրավիճակը։
«Ազնաւուր» հիմնարկը հետեւողականօրէն մարդասիրական օժանդակութիւն կը փութացնէ Հայաստան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակով ամիսներէ ի վեր քաոսի մը հանդուրժելէ վերջ Հայաստանի ղեկավարութիւնը որոշեց 20 յունիսին արտահերթ ընտրութեան երթալ: