Կ՚ՈԳԵԿՈՉՈՒԻՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆՆԵՐԸ
Համերգ-ցուցահանդէս՝ նուիրուած Արամ Խաչատուրեանի զարմիկներուն։ Այսօր՝ դեկտեմբերի 2-ին, ժամը 16.00-ին, Հայաստանի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը կը հրաւիրէ մասնակցելու Արամ Խաչատուրեանի զարմիկներու՝ հռչակաւոր երաժիշտներ Կարէն Խաչատուրեանի 100-ամեայ եւ Էմին Խաչատուրեանի 90-ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած համերգ-ցուցահանդէսին։
Կեանքէն հեռացաւ Գորիսի տրամաթիքական թատրոնի դերասան Սէյրան Մկրտչեան։ Գորիսի «Վ. Վաղարշեան» տրամաթիքական թատրոնի դերասան Սէյրան Մկրտչեանի մահուան մասին կը տեղեկացնէ թատրոնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջը։
Հայաստանի ֆութսալի դաշնակցութիւնը կը կազմակերպէ կանանց ֆութսալի բաց առաջնութիւն։ Սոյն մրցաշարքը տեղի կ՚ունենայ երեք՝ մինչեւ 12, մինչեւ 15 եւ 15-էն բարձր տարիքային խումբերու համար։
Լուվր թանգարանը աճուրդի կը հանէ «Մոնա Լիզայի»՝ առանց ցուցափեղկի ստուգումը։ Այսպէս, Փարիզի Լուվր թանգարանը աճուրդի կը դնէ ժամանակակից նկարիչներու աւելի քան քսան աշխատանք, ինչպէս նաեւ եզակի ծառայութիւններ՝ «հազուագիւտ փորձը վերապրելու համար», այդ կարգին՝ «Ճոքոնտա» («Մոնա Լիզա») կտաւի ամենամեայ ստուգման ներկայ գտնուելու հնարաւորութիւնը, երբ զայն դուրս կը բերեն յատուկ պաշտպանիչ ապակիի տակէն։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի ընթացքին հետեւելու համար ստեղծուելիք համատեղ կեդրոնի հարցին շուրջ:
Փորձառու դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեան Արցախի լայնածաւալ պատերազմով ստեղծուած իրավիճակին շուրջ հարցազրոյց մը տուաւ BBC-ին։ «Մենք նոյնիսկ մեր յաղթանակը վերածեցինք պարտութեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Այս առթիւ ան ուշադրութիւն հրաւիրեց Ատրպէյճանէ ներս գտնուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցին վրայ։
Երեւանի մէջ կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։ Երէկ ալ՝ մանաւանդ երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցան նման ցոյցեր, որոնց միջամտեցին իրաւապահ մարմինները։
Մոսկուայի մէջ հաւաք. «Այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ՝ համազօր է ազգային աղէտի»:
Երեւանի կեդրոնին մէջ բողոքի ցոյցերը եւ երթերը իրարու կը յաջորդեն։ Շաբաթավերջին մայրաքաղաքի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ համախմբուեցան երկրի մտաւորականութեան եւ գեղարուեստական աշխարհի ներկայացուցիչները, որոնք եւս բարձրաձայնեցին իրենց մտահոգութիւնները քաղաքական փակուղիին բերումով՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած։