ԱՆԽԱՓԱՆ ՊԱՅՔԱՐ
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան ելոյթ մը ունեցաւ կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ:
Պետութիւնը շարժման անցուցած է բոլոր լծակները: Յառաջիկայ շաբաթավերջին եւս փողոց դուրս գալը արգիլուած պիտի ըլլայ Թուրքիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ: Քայլեր կ՚առնուին նաեւ տնտեսական հաւասարակշռութիւններուն համար:
Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը՝ Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իսրայէլի պետութեան ղեկավարը կապ հաստատած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին հետ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Ս. Զատկի տօնին առթիւ երէկ հրապարակեց շնորհաւորական մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր պատգամին թրքերէն բնագիրը։
Քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով երէկ Թուրքիոյ մէջ մահացաւ եւս 97 հոգի։ Այսպէսով զոհերու ընդհանուր թիւը հասաւ 1198-ի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետիին Քոճա երէկ տեղեկացուց, որ ներկայիս վարակեալներու թիւը հասած է 56 հազար 956-ի։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի։ Իսկ ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի։ Կը հաւատա՞ս ըսածիս»։ (Յովհ. 11։25-26)