120 ԺԱՄ ԴԱԴԱՐ
Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու. «Թուրքիա առած է իր ուզածը, սա հրադադար մը չէ, որովհետեւ հրադադարը կ՚ըլլայ երկու օրինական կողմերու միջեւ»:
«Խաղաղութեան ակ» գործողութիւններու ազդու ընթացքը ապահովեց՝ Միացեալ Նահանգներու գործօն մասնակցութիւնը, որպէսզի ահաբեկիչները հեռանան Սուրիոյ հիւսիսէն:
Մոսկուայի եւ միջնորդներու նպատակն է՝ հասնիլ վերջնական կարգաւորման։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս համայնքային կեանքի նոր հաւասարակշռութիւնները կը ձեւաւորուին. տիրամայր Մարի Մութաֆեան երէկ երեկոյեան զօրակցութիւն յայտնեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին՝ ընդգծելով անոր նկատմամբ տածած սէրը։
Հանրապետութեան նախագահը Արեւմուտքէն ղեկավարներու դէմ բողոք յայտնեց:
Կրօնական ժողովի ատենապետը երէկ այցելեց Եշիլգիւղի սանուց միութիւնը, ուր տեղի ունեցաւ ասուլիս մը:
«Birzamanlar» հրատարակչութիւնը ներկայիս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտական ժառանգութեան վերաբերեալ գիրք մը, որու համահեղինակներն են՝ Մելիսսա Պիլալ եւ Պուրճու Եըլտըզ։ Այս գիրքին հրատարակութիւնը կը համընկնի Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին։
«Խաղաղութեան ակ» գործողութիւններու յաջող ընթացքին զուգահեռ՝ Անգարա անմիջական շփման մէջ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի հետ:
Ֆրանսահայ բժիշկ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Ժորժ Քեփենէքեան պաշտօնապէս առաջադրեց իր թեկնածութիւնը՝ Լիոնի քաղաքապետ դառնալու համար։ Հարկ է նշել, որ յաջորդ տարի Ֆրանսայի մէջ նախատեսուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, որոնց ժամանակ Ժորժ Քեփենէքեան Լիոնի քաղաքապետի թեկնածու պիտի ըլլայ։