ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏ ՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ՝ ՇՈՒՐՋ 40 ՀԱԶԱՐ ՀՈԳԻԻ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի «Ազգային մարզադաշտ»ը, որ պիտի ունենայ միջազգային չափանիշներ եւ պիտի կարենայ ընդունիլ շուրջ 35-40 հազար հանդիսատես։ Այս մասին Դիմագիրքէն ուղղակի հաղորդման ժամանակ յայտնած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարի տեղակալ Գէորգ Լոռեցեան:
Հայաստան եւ Վրաստան յանձնառու են իրենց յարաբերութիւնները յառաջ տանիլ՝ ի շահ տարածքաշրջանային գործակցութեան եւ անվտանգութեան։
Արտաքին գործոց նախարարը ազդարարեց, որ Սուրիոյ հարցին շուրջ Թուրքիոյ համբերութիւնը կը հատնի։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ խումբ մը խորհրդարանականներու հետ քննարկած է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու խնդիրը։ Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ ծերակուտականները ընդհանրապէս պաշտպանած են Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու սահմանումը՝ «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու հարցին բերումով։
Անգլիոյ մէջ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար ընտրուած Պորիս Ճանսըն երէկ ստանձնեց վարչապետի պաշտօնը։ Պաքինկըմի պալատին մէջ ան ընդունուեցաւ Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին կողմէ։
Արցախի ղեկավարութիւնը երէկ Ստեփանակերտի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչը հիւրընկալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։