ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ մը, որու հանդիսապետեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Թաղի դպրաց դասու հիմնադրութեան 110-ամեակին ձօնուած էր այս երեկոյթը, որու մասնակիցներու շարքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, բազմաթիւ քահանայ հայրեր, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, Ֆէրիգիւղի ընտանիքի պատասխանատուները եւ բազմաթիւ երաժշտասէրներ։
Էսաեանի աւանդական բաժակի օրը հերթական անգամ վարժարանի երդիքին տակ համախմբեց զանազան սերունդներէ սաներ՝ տօնական բարձր տրամադրութեամբ:
Քաղաքիս հրեայ համայնքի ընտրանին երէկ Քուլէտիպիի «Նեւէ Շալոմ» սինակոկին մէջ ողջունեց Սենտի Լեւի եւ Վետաթ Սիթոն երիտասարդ ամոլին հարսանիքը։ Արարողութեան հանդիսապետեց Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա։
Հայաստանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եին։ Երեւանի մէջ հիւր նախարարը շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ ընդունուելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։
Ըստ Փաշինեանի, երկիրը իսկապէս հետամուտ է կրօնի, համոզմունքի, հաւատի եւ խղճի ազատութեան:
«Պիլկի» համալսարանի Թուրքիոյ մշակոյթներու աշխատանքային խումբի ուշագրաւ նախաձեռնութիւնը:
Արմէն Սարգսեան. «Հայաստան եղած է խաչմերուկի վրայ, այս պատճառով սորված է աշխատիլ բոլորի հետ»: