ԵԽԽՎ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ԵՐԵՒԱՆ
Եւրոխորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Լիլիան Մորի Փասքէ այսօր պաշտօնական այցելութեամբ կը ժամանէ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան կ՚ընդունուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեանի կողմէ։
Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտարարեց, որ նախապէս երկու անգամ մերժուած BREXIT-ի համաձայնութիւնը վերստին Երեսփոխանական ժողովին ներկայացնելու համար տակաւին չէ կրցած ապահովել երեսփոխաններու անհրաժեշտ զօրակցութիւնը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թերեզա Մէյ BREXIT-ի գործընթացի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ տեղեկութիւններ փոխանցեց Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովէն ներս։
Ֆրանսայի եւ Չինաստանի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան տասնչորս պայմանագիր։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն հիւրընկալեց Չինաստանի նախագահ Ցի Ցինփինը։
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ, ուր Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դաշինքի ընհանուր քարտուղարը երէկ տեսակցեցաւ Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախտածէի հետ։
Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ «Ճումհուր» դաշինքին ուժի ցոյցը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ անպաշտօն հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախտածէի հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ենոքաւան համայնքէն ներս։
Տ. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հայաստանի կառավարութեան եւ միջազգային շարք մը կազմակերպութիւններու միջեւ համաձայնութիւն:
Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցաւ արաբական աշխարհի վարսայարդարութեան մրցում մը, որուն ծիրէն ներս լիբանանահայ վարսայարդար Յովսէփ Թըլսըմեան (սալոն ՀՄՄ) արժանացաւ այր մարդու լաւագոյն սափրիչի մրցանակին։ Սոյն լուրը կը հաղորդէ «Արարատ» թերթը՝ նշելով, որ այս մրցումը կը կազմակերպուի չորս տարիէ ի վեր։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ շփումներ ունեցաւ Երուսաղէմի մէջ, ուր այցելեց Ս. Յարութեան տաճար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ս. Յարութեան տաճարէն ներս ամերիկացի պետական քարտուղարը այցելեց նաեւ տաճարի հայկական բաժինը։ Ան մոմ մը վառեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատկանող տարածքէն ներս։ Այս փուլին Փոմփէոյին ուղեկցեցաւ Ս. Յարութեան տաճարի հայ տեսուչը՝ Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեան։ Այս վերջինը Մայք Փոմփէոն ողջունեց յանուն Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի եւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան։