Լրահոս

ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Ճոն Պոլթըն եւ Իլհամ Ալիեւ հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ ԱՄՆ-ի աջակցութեան:
Փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին յայտարարեց. «Ռուսաստան կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումներուն պարբերականութիւնը»:

ԲԱԶՄԱՇԵՐՏ ՕՐԱԿԱՐԳ

Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ ելմտական աջակցութիւն ցուցաբերել ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղղեալ կառավարական ծրագրերուն:
Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման բանակցութիւններու եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան գծով կոմիսար Եոհաննէս Հան երէկ այցելեց Հայաստան:

ԻՊՐԱՀԻՄ ՔԱԼԸՆ ԵՒ ՃՈՆ ՊՈԼԹԸՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իպրահիմ Քալըն եւ Ճոն Պոլթըն առաջնահերթօրէն անդրադարձան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՏԱՐԻ

Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբը երէկ համերգ մը տուաւ Երեւանի Օփերային մէջ:
Մեծ վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին առթիւ մշակուած է բազմաբովանդակ ծրագիր մը:

ՀԱՄԱՏԵՂ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔ

«Քալաշնիքով» ռազմական արտադրութեան ռուսական յայտնի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Անտրէյ Պարիշնիքովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հիւրընկալեց Պարիշնիքովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ երկխօսութեան յանձնախումբը այս օրերուն հերթական ժողով մը կը գումարէ Վատիկանի մէջ։ Արեւելեան Ուղղափառ-Կաթոլիկ միջեկեղեցական երկխօսութեան յանձնախումբի 16-րդ հանդիպումն է այս մէկը։

ՊԻՆԱԼԻ ԵԸԼՏԸՐԸՄ ՊԻՏԻ ՀՐԱԺԱՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՊԱՇՏՕՆԷՆ

Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ, որ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է, կը պատրաստուի հրաժարիլ իր պաշտօնէն։ Երէկ երեկոյեան Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ «CNN Türk» հեռուստակայանէն։

Էջեր