ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻ ԱՌՋԵՒ
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը նոր իրավիճակ մը ստեղծած էր Հայաստանի մէջ, անոր հերոսը բարձրացնելով պաշտամունքի պատուանդանին վրայ: Այս հերոսը՝ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ վայելել միեւնոյն ժողովրդականութիւնը, որուն ուժով ալ կը ջանայ ստեղծել նոր իրավիճակներ: Ժողովրդային զանգուածները տակաւին կը շարունակեն մնալ բարձր տրամադրութեան մէջ՝ խոստացուած լաւ օրերու հաշուոյն:
Հայաստան կը նախագահէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան:
Աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիւան Գասպարեան դարձած է արդէն 90 տարեկան։ Ան հայկական երաժշտական աշխարհի կենդանի առասպելներէն մին է ներկայիս։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն յառաջիկայ շաբթուան վերջաւորութեան տարածքաշրջանային այցելութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Ռուսաստան եւ Հարաւային Կովկաս։ Հոկտեմբերի 20-ին պիտի սկսի Ճոն Պոլթընի ուղեւորութիւնը, որու ծիրէն ներս ան շփումներ պիտի ունենայ Հայաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի մէջ։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովը այսօր կ՚եզրափակուի:
Պատանեկան ողիմպիական խաղերու ծիրէն ներս Հայաստան նուաճեց ոսկէ մետայլ մը։ Այս տարի երրորդ անգամ տեղի կ՚ունենան այս ամառնային ողիմպիականները, որոնց ընթացքին 77 քիլօկրամի դասաւորման մէջ Հայաստանը ներկայացնող ծանրաբարձ Կարէն Մարգարեան արժանացաւ ոսկէ մետայլի։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը այս առաւօտ սկսաւ Երեւանի մէջ:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան բացառապէս Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Իլհամ Ալիեւ պնդեց, որ հայկական կողմը փորձած է բանակցութիւններու ձեւաչափը փոփոխութեան ենթարկել, սակայն այդ ջանքերը յաջողութեան պիտի չհասնին։