ՇԱՐԺԱՅԻ ԵՒ ՏՈՒՊԱՅԻԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աւարտելով Ապու Տապիի շփումները, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Շարժայի եւ Տուպայիի մէջ։ Այսպէս, Արմէն Սարգսեան տեսակցեցաւ Շարժայի կառավարիչ Շէյխ Սուլթան պին Մուհամմէտ էլ Քասըմի եւ Տուպայիի մէջ ալ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխ-նախագահ ու վարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Շէյխ Մուհամմէտ պին Ռաշիտ էլ Մաքթումի հետ։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Մնացականեան եւ Մամետեարով երէկ հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց քաղաքի նորընտիր քաղաքապետ Մոշէ Լիոնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմի նորընտիր քաղաքապետ Մոշէ Լիոն այցելեց Հայոց Պատրիարքարան, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան։
Արմէն Սարգսեան. «Կ՚ապրինք դարու մը մէջ, երբ նորարարութիւնները կը կառավարեն աշխարհը»:
Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս երէկ վստահութեան քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ՝ վարչապետ Թերեզա Մէյի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան համար։ Արդիւնքին, Թերեզա Մէյ ստացաւ խորհրդարանի վստահութեան քուէն։
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) 33-րդ ընդհանուր ժողովը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Արցախի մէջ։ Կուսակցութեան ղեկավար կազմին մէջ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին այս ընդհանուր ժողովով՝ հաշուի առնելով, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն ժամանակ որդեգրած դիրքորոշման բերումով ՀՅԴ կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ։
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցաւ այս դռնփակ հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ ժամ մը։