ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարին մէջ երէկ երեկոյեան աղօթք հնչեց աշխարհահռչակ արուեստագէտի հոգւոյն ի հանգիստ:
Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, «Էնվալիտ»ի մէջ: Ներկայ պիտի ըլլան Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան:
Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցը կը բնորոշէ Հայաստանի ներքին օրակարգը:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ ժամանակը եկած է՝ որպէսզի ԵՓԿ-ականները ամբողջութեամբ դուրս բերուին Մենպիչէն եւ այնտեղ վերադառնայ տեղացի ժողովուրդը։
Վայոց Ձորի Խաչիկ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան Գաթայի փառատօնը, ուր այցելուները տեսան եւ համտեսեցին աշխարհի ամենամեծ գաթան: Նոյն առիթով տեղի ունեցան՝ գաթայի պատրաստութեան մրցում, ազգային խաղեր, ձիավարութիւն, արիշտայի պատրաստութիւն եւ ինչպէս միշտ՝ երգ ու պար:
Հնագէտները Եգիպտոսի մէջ պեղումներու արդիւնքով յայտնաբերած են 4 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող 800 դամբարան։ Այսպէս, Եգիպտոսի մէջ հնագէտները յայտնաբերած են հնագոյն դամբարաններ, որոնք ունին աւելի քան 4 հազար տարուան պատմութիւն։
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր երէկ 94 տարեկանին աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր ցաւ եւ յուզում պատճառելով համայն մարդկութեան:
Հայաստան խոր ցնցումով հրաժեշտ կու տայ իր ազգային հերոսին, որ երեք տասնամեակէ ի վեր անվերապահօրէն զօրակցեցաւ պետականաշինութեան վեհ գործին:
«Եւրոմիութիւնն ու Թուրքիան կը թեւակոխեն գործընթաց մը, ուր իսկապէս ճանապարհ պիտի կտրեն իրարու հետ՝ դժուարութիւնները ետին թողլով»: