Հոգե-մտաւոր

ՄԵՌԱԾ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անցեալին արժէք նկատուող շատ մը իրողութիւններ այսօր որպէս խելազուրկ ու անիմաստ կը դիտուին այսօրուան մարդուն կողմէ, որովհետեւ ներկայ ժամանակներու մէջ անցեալի այդ արժէքներով շարունակել ապրիլը ապուշութիւն կրնայ նկատուիլ:

ԾԱՆՕԹՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՆԾԱՆՕԹ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ծանօթներու մէջ ինքզինք անծանօթ, օտար զգալ եւ կամ բազմութեան մէջ մինակ մնալ, առանձին՝ ապրիլ ուրիշ միջավայրի մը մէջ կամ տարբեր աշխարհի մը վրայ։ Բնաւ զգացա՞ծ էք օտար ձեր բարեկամներու, ծանօթներու հաւաքոյթին մէջ եւ կամ առանձին՝ բարեկամներու խումբի մը մէջ։

ԾՆՈՂՔ ԸԼԼԱԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Քննարկումէ վեր է, որ թէեւ գործնապէս «դիւրին», սակայն էապէս ամենէն դժուարին բանը աշխարհի մէջ ծնողք դառնալն է, որ իրականութեան մէջ ո՛չ թէ նախախնամութեամբ, այլ իմաստութեամբ ու գիտութեամբ կեանքի կը կոչուի։
Ծնողքին դերը մեծապէս կը կարեւորեմ, որովհետեւ կը հաւատամ աշխարհի բնական այն կանոնին, որ «ինչ ցանես ա՛յդ կը հնձես» եւ հետեւաբար իւրաքանչիւր զաւակի արարք ու իրագործում տեղ մը իրը ըլլալէ անկախ ընտանիքինն է՝ այդ մէկը ըլլայ լաւ թէ վատ։

ԿԵԱՆՔԸ՝ ՈՐ ՉԵ՛ՆՔ ԳԻՏԵՐ ԱՊՐԻԼ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Կեանքը՝ որ կ՚ապրինք»։ Այս է նուաստիս նախկին գրութիւններէն մէկուն վերնագիրը։ Եւ երբ ամփոփուեր եւ գիրք ըլլալով հրատարակուեր է գրութիւններու մէկ մասը, գիրքը կազմող եւ խմբագրող մեր արժանաւոր եւ սիրելի բարեկամ Վարանդ Քորթմոսեան զայն անուաներ է «Կեանքը որ կ՚ապրինք» անունով։

ՍԻՐՈՅ ԳՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երբ այս յօդուածը կը գրեմ եւ դուք երբ կը կարդաք, վստահ եղէ՛ք որ այս պահուն իսկ աշխարհի վրայ բազմահազար մարդիկ զոհը կը դառնան սիրոյ՝ որ յաճախ ամենէն խելացի մարդն իսկ ապուշ մը դարձնելու կարողութիւնը ունի:

ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՀԱԿԱԴՐՈՂ ՔՐՄԱԿԱՆ ԴԱՍԱԿԱՐԳԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հայաստանի մէջ Դ. դարուն քրիստոնէութեան տարածման գլխաւոր հակառակող ուժ միշտ եղած է քրմական դասակարգը՝ որու շահերը կապուած են եղած հին կրօնի հետ։ Այդպիսի ընդդիմութիւն ցոյց տուին քուրմերը՝ հեթանոս կրօնի պաշտօնեաները Հայաստանի մէջ երբ արդէն սկսած էր տարածուիլ քրիստոնէութիւնը։

ԲԱՐԵՐԱՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հարստանալը բախտի հետ կապ ունի թէ ոչ... չե՛մ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին այնպիսի հարուստներ, որոնք իրենց ողջ ունեցուածքը չեն խնայեր պայծառացնելու եւ բարգաւաճելու համար հայ մշակոյթը, արուեստը, կրթութեան ոլորտն ու երկիրի ընդհանուր զարգացումը: Թէեւ թիւով քիչ՝ սակայն գոյութիւն են անոնք:

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԻՂՁԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդը, իր բացումով դէպի ճշմարտութիւնը, գեղեցկութիւնը եւ լաւը, իր զգացումներով բարոյական բարիին, իր ազատութեամբ եւ իր խղճմտանքին ձայնով, անհունին եւ երջանկութեան իր տենչանքով, ինքզինք կը հարցաքննէ Աստուծոյ գոյութեան մասին։ Այս բոլորին ընդմէջէն ան կը նշմարէ նշանները իր աննիւթական հոգիին։

ԾԵՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱ՛Ն

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ի՞նչ կը խորհիք սիրելի՜ բարեկամներ. «ծեր»ը եւ «տարիքոտ»ը տարբեր ըմբռնումներ չե՞ն։ Արդարեւ, տարիներու ընթացքը կասեցնել անկարելի է՝ բնութեան օրէնքին հակառա՛կ, բայց կարելի է ծերութեան արգելք ըլլալ:

Էջեր