Հիւրերու դիմագիծը
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին ո՛վ, ո՛ւր պիտի երթայ։ Ո՛ր ղեկավարը պիտի նախընտրէ ո՛ր հասցէն. Հայաստա՞ն, թէ Թուրքիա, Ծիծեռնակաբե՞րդ, թէ Չանաքքալէ։ Այս հարցումը հետզհետէ աւելի կարեւոր իմաստ մը կը ստանայ հայկական հարցին տեսանկիւնէն։
