Արխիւ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը, որ արտասովոր խանդավառութեան բեմահարթակը հանդիսացաւ։ Փոքրիկներուն հանդէսը ունէր նաեւ վաղուան Մայրերու օրուան յատկացուած բաժին մը։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինկ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտի տարեդարձին ձօնուած՝ 9 մայիսի նշանաւոր զինուորական տողանցքը։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Դարձեալ այցելեցի քեզի ծաղիկներով, դուն միշտ սիրած ես գոյնզգոյն ծաղիկները… Եւ գերեզմանիդ քով նստած ձայնդ ականջիս մէկ առ մէկ վերյիշեցի մեր զրոյցները, դարերու ընդմէջէն մեզի հասած հսկայ ժառանգութիւնը հայ մօր ու կնոջ…
Պէյօղլուի մէջ երէկ երեկոյեան պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը, որ մեծ յուզումով ընկալուեցաւ համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Այսպէս, Տոլափտերէի «Քասափ Հուրշիտ» փողոցի բնակարաններէն մէկուն մէջ վէճ մը ծագեցաւ Գամէր եւ Մուրատ Քարանֆիլեան եղբայրներուն միջեւ։
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին երէկ երեկոյեան ժամերուն ընտրեց իր նոր քահանայապետը, որ կոչուեցաւ Լեւոն ԺԴ.։ Վատիկանի Ս. Աթոռի 267-րդ գահակալը ընտրուեցաւ Քոնքլաւի գումարման երկրորդ օրն իսկ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր կը գտնուի Մոսկուայի մէջ՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին ընդառաջ։ Բ. Աշխարհամարտի աւարտի տարեդարձին առթիւ, Մոսկուայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ աւանդական ու նշանաւոր զինուորական տողանցքը։
Երէկ սկսաւ Վաքըֆներու շաբաթը, որուն զուգահեռ կը նշուի նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հիմնադրութեան 101-րդ տարեդարձը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեամբ, Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համագումարներու եւ մշակոյթի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Վաքըֆներու շաբթուան բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան նաեւ թրքահայ համայնքային վարիչներ։
Հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Նուագահանդէսը տեղի ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի կեդրոնակայանի դահլիճի երդիքին տակ, ուր հոծ թիւով երաժշտասէրներ ողջունեցին վարպետ արուեստագէտը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն՝
ԱՆԱՅԻՍ ԵԱԼՏԸԶՃԵԱՆ
Սա իսկապէս ցաւալի կորուստ մըն է՝ որքան որ ալ ան յառաջացած տարիքի մէջ հրաժեշտ առած ըլլայ երկրաւոր կեանքէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց երիտասարդ դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճուն, որու վերջին շրջանին արձանագրած վերելքը մեծ ուրախութիւն կը ստեղծէ համայնքային կեանքէն ներս։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վահէ Պէրպէրեան. «Միակ մխիթարութիւնս է, որ մենախօսութիւնս հայերէնով կը ներկայացնեմ»:
«Իրար յարգելու փոխարէն՝ մարդիկ սկսած են համացանցը յարգել՝ համակարգչի ետին նստած, ապահով պաշտպանուած»:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերաբանութեան մէջ հասարակութիւնը կը համարուի համակարգ մը, որ բաղկացած է այնպիսի յարաբերութիւններէ, որոնք կը փոխուին եւ կը զարգանան մարդոց առօրեայ գործունէութեամբ եւ դասակարգային պայքարով նիւթական արտադրութեան մէջ, ըստ առարկայական օրէնքներու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամուսնական ուխտին դերակատարներն են մկրտուած այր-մարդ մը եւ կին-մարդ մը, որոնք ազատութիւն կը վայելեն ամուսնութեան դաշինքը կնքելու եւ ազատօրէն իրենց հաւանութիւնը կու տան։ «Ազատ ըլլալ» կը նշանակէ. «հարկադրանքի չենթարկուիլ» եւ «բնական կամ եկեղեցական օրէնքի մը արգելքը չունենալ»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդը դէպի ինքնասպանութիւն առաջնորդող ամենէն դաժան զգացումներէն մին մինակութիւնն է, որ ո՛չ միայն ինքնասպան եղողին, այլ համայն մարդկութեան համար մեծագոյն ցաւի պատճառ մըն է։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ վերջին շրջանին արձանագրուած լարուածութիւնը կը շարունակուի մտահոգիչ թափով։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կը շարունակեն թիրախաւորել Սիւնիքի մարզի զանազան բնակավայրերը։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ անցումայի շրջանի ղեկավար Ահմէտ էլ Շարան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Գանատայի վարչապետ Մարք Քառնին։ Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Երեւան որդեգրած է հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն մը եւ իր յարաբերութիւնները չի կառուցեր այլ յարաբերութիւններու հաշուին։
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նոր քահանայապետը ընտրելու համար արդէն գումարուած է Քոնքլաւը։ Երէկ, Վատիկանի Սուրբ Աթոռի ապագային տեսակէտէ նախախնամական նշանակութեամբ այս հաւաքը սկսաւ՝ ամբողջ աշխարհի վառ հետաքրքրութեան պայմաններուն ներքեւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իրանի դիրքորոշումը փաստացի կը նպաստէ Սուրիոյ հիւսիսին ԱՄՆ-ի ներկայութեան պահպանման:
Դամասկոսի վերաբերեալ ենթադրութիւնները դուռ կը բանան մօտաւոր անցեալի մասին յիշողութեան թարմացման: