Արխիւ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 28, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ինչպէ՞ս կարելի է անխռով՝ խաղաղ սիրտ մը ունենալ։
«Ապա Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն.- Թող չխռովին ձեր սիրտերը։ Հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, հաւատացէ՛ք նաեւ ինծի։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 28, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կրնանք անկեղծօրէն ըսել, որ Հայաստանի թէ՛ ներկայ եւ թէ անցեալ իշխանութիւնները յաջող դիւանագէտներ էին. դիւանագէտ ո՛չ թէ որովհետեւ երկիրը դիւանագիտական գետնի վրայ յառաջ տարին, այլ դիւանագէտ՝ որովհետեւ ունէին դիւանագէտ ըլլալու ամենէն կարեւոր յատկութիւնները՝ կեղծիքն ու սուտը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ներանձնական հաւատքի հաշուեկշիռը պայմա՛ն է վերանորոգուելու հոգեւոր կեանքի մէջ։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, անձնական հաւատաքննութիւնը նախապայմա՛նն է վերանորոգեալ հոգեւոր կեանքի, քանի որ հաւատքը հիմը կը կազմէ քրիստոսանուէր կեանքի շէնքին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ ազգի խնդիրները լուծել փորձողները պարզապէս «դերասան»ներ են, որոնք ի ցոյց մարդկանց կը փորձեն որպէս «բան մը ընող» մը երեւիլ. զանոնք դերասան կը կոչենք, որովհետեւ անոնք եւս լաւապէս ունին այն գիտակցութիւնը, որ այդ փնտռուած լուծումը երկինքէն տեղացող մանանայ մը չէ եւ այդ լուծումը ձեռք բերելու համար մոգական հմտութիւններու կարիքը չկա՛յ.

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025

Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ պոլսահայ արդի գրականութեան տիտաններէն, անմոռանալի գիւղագիր Զաւէն Պիպեռեանի ծննդեան 100-ամեայ յոբելեանին ձօնուած ձեռնարկ մը, որ համախմբեց մշակութասէրները։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025

Ս. Մարիամ Աստուածածնի ծնողներուն՝ Ս. Յովակիմի եւ Ս. Աննայի, նաեւ իւղաբեր կանանց յիշատակութեան տօնը երէկ նշուեցաւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ, վերջին օրերուն Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցաւ վերապատրաստման դասընթացք մը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025

Շուէտի մայրաքաղաքը Սթոքհոլմի մէջ էքիւմենիք շաբաթ. «Աստուծոյ խաղաղութեան ժամանակն է»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ներկայացուցին՝ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Ուաշինկթընի մէջ, օգոստոսի 8-ին, Խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրման Հայաստանի մէջ ստեղծած ալեկոծումը դեռ չհանդարտած՝ արդէն օգոստոսի 18-19-ին տեղի ունեցաւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի պաշտօնական այցը Երեւան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025

Երեւանի մէջ այս ամառ կազմակերպուած ընկերամշակութային ճոխ ձեռնարկներու շղթային վրայ աւելցաւ նոր օղակ մը։ Մայրաքաղաքի Զաքեան փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Գարեջուրի օրեր 2025»ը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025

Թուրքիա կը շարունակէ անմիջականօրէն հետամուտ մնալ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն։ Անգարա տարածաշրջանի բոլոր դերակատարներու հետ շփման մէջ է՝ մանաւանդ, որ իրադարձութիւններու ընթացքը ուղղակի պայմանաւորելու ներուժը ունի։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025

Երեւան եւ Լոնտոն կը ձգտին իրենց յարաբերութիւնները բարձրացնել ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի։ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ ընդունեց Անգլիոյ Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ անդրծովային տարածքներու պետական նախարար Սթիւըն Տաութին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Միտքս պարզեմ: Օր մը, մեր տան ետեւի բաժինը, որ քանի մը պտղատու ծառերով շրջապատուած եւ անուանած՝ «մեր մեծ պարտէզը», այր եւ կին վերջապէս որոշեցինք անկէ որոշ բաժին մըն ալ յատկացնել բանջարանոցի մը համար:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Քնանա՞լ կ՚ուզես:
Առաւօտեան ժամը չորսին, դրան զանգը կ՚արթնցնէ քեզ: Գիտես այցելուն, սակայն անքունութիւնը ոստիկանէն աւելի զօրաւոր է: Առաւօտեան ժամը իննին, գրասենեակդ կ՚երթաս աշխատելու: 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ուրկէ՞ սկսիմ: Թէեւ քիչ մը շուարած եմ, սակայն, նիւթը սրտիս շատ մօտ է: Պարզեմ:
Ներկայ ժամանակին հետ սփիւռքեան գոյատեւման ծիրէն ներս յայտնուած են տակաւին երեւոյթներ եւ վիճակներ, որոնք դժբախտաբար կը մատնեն մեր կամաց-կամաց տեղքայլն ու նոյնիսկ՝ մաշումը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան վերջին օրերուն շտապեց հասնիլ Երեւան։ Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները «բնականոն» դարձնելէ ետք, կարծես Իրանի մեծ վախն է՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախաստորագրուած համաձայնութեան հաւանական հետեւանքները։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայկական գիտութեան պատմութեան մէջ կան անուններ, որոնք կը մնան անխամրելի՝ իբրեւ ստեղծագործական ուժի, բազմակողմանի հմտութեան ու համբերատար վաստակի խորհրդանիշ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Բարկասիրտ եւ ցասկոտ մարդիկը ինչպէ՞ս կը վարուին:
Պատասխան.
Առակացին մէջ կը կարդանք. «Բարկասիրտ մարդը կռիւ կը հանէ եւ ցասկոտ մարդը շատ յանցանքներ կը գործէ» (Առ 29.22):

Երեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Արարչագործութիւնը ունի իր իւրայատուկ լաւութիւնը եւ կատարելութիւնը, բայց ան Արարչին ձեռքերէն չելաւ բոլորովին աւարտած։ Այս կը նշանակէ, որ տակաւին տիեզերքը եւ, անշուշտ, մարդկութիւնը կը շարունակէ բարեփոխուիլ եւ ուրեմն արարչագործը ընթացքի մէջ է։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Փրկութեան լուծումը հետեւեալն է. պէտք է նորէն աքսորուինք. այն ազգը՝ որ ունի ծարաւ, թող պահ մը որպէս խնդրանք աքսորէ հայութիւնը:

Էջեր