Արխիւ
Այսօր շարժանկարի անմոռանալի վարպետ Սերկէյ Փարաճանովի ծննդեան տարեդարձն է։ Եթէ ան ապրէր պիտի դառնար 96 տարեկան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ առկայ լարուածութիւնը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի բարձրաստիճան հրամանատարներէն Քասըմ Սիւլէյմանիի սպանութեան զուգահեռ՝ Թեհրան պալիսթիք հրթիռներով թիրախաւորած էր Իրաքի ամերիկեան ռազմախարիսխները։
Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ կը հաստատուին նոր թռիչքներ։ «Ryanair» ընկերութեան կողմէ պիտի իրականացուին այս նոր թռիչքները բաւական մատչելի գիներով։
Հայաստանի կառավարութիւնը այս առաւօտ գումարեց 2020 թուականի առաջին ժողովը, որու բացումին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ անցեալ տարին ընդհանրապէս յաջող կը համարուի։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ քարտուղարը՝ Վլատիմիր Կարապետեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վլատիմիր Կարապետեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուց, որ այլեւս չի կատարեր վարչապետի մամլոյ քարտուղարի պարտականութիւնները։
«Թրքական հոսք» կազամուղ խողովակաշարի պաշտօնական բացման պատմական հանդիսաւոր արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ:
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը նոր տեսք մը կու տայ համաշխարհային ուժանիւթի քարտէսին, դիմագրաւելով նաեւ երկրի կարիքները:
Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը այս շաբաթավերջին պիտի կատարէ երդումը, պիտի ստանայ ասան ու գահ պիտի բարձրանայ, նաեւ անդրանիկ Սուրբ Պատարագը պիտի մատուցանէ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Կ՚ակնկալուի, որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի շնորհաւորական-հրամանագիրը հասնի մինչեւ գահակալութեան արարողութիւնը: Ամենայն հաւանականութեամբ Վեհափառ Հայրապետն ալ արքութեան պատիւ շնորհէ Նորին Ամենապատուութեան: Կը սպասուին նուիրապետական աթոռներէ ներկայացուցիչներու եւ միջեկեղեցական հիւրերու:
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց Սեբաստացի հայերու հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Քոչաքի կողմէ գլխաւորուած խումբ մը։ Նորին Սրբազնութեան կողքին էին Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորեց Նոր տարին։ Ակումբի կողմէ կազմակերպուած դասընթացքներու մասնակից մանուկ կամ պատանի արուեստագէտները խրախճանքի մը մասնակցեցան Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ։
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքէն երկու պաշտօնատարներ։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան Մուսթաֆա Օտապաշը եւ Սետա Ճայմազ։
Նորոգ հանգուցեալ կրթական մշակ Կարապետ Մխալեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։
Տիգրան Էօզպիւլպիւլ ներկայ տարեմուտն ալ կը դիմաւորէ Իսթանպուլի ախոյեանի փայլուն տիտղոսով:
Առնօ Կարապետեանի պատանի սանը յառաջիկայ օրերուն կը պատրաստուի իր ուժերը չափել Անթալիայի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Արմաւիրի թեմակալ առաջնորդ Տ. Սիոն Արք. Ադամեանը։ Նորին Սրբութիւնը վերջերս իրեն շնորհած էր արքութեան պատիւ։
ԵՐԱՄ
Մշակութային աշխարհագրութեան դասի համար լաւագոյն օրինակ կրնար ըլլալ մեր տունը։ Մեր տունը, որ կ՚ըսեմ, նկատի ունիմ իր ոգեղէն եւ մշակութային պարունակութիւնը։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օրեր առաջ հայութիւնը մեծ ցնծութեամբ ու ոգեւորութեամբ դիմաւորեց նորի սկիզբը ու տակաւին կը շարունակէ տօնել զայն։ Յիրաւի, մի միայն Հայաստանի մէջ չէ, որ բախտաւորուած եմ դիմաւորելու իմ ամենասիրելի տօնը՝ Ամանորը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդը կարելի՞ է նմանցնել գետի մը՝ որ միշտ, անդադար կը հոսի դէպի յառաջ։ Մարդկային մտքի ըմբռնողութեան նեղ սահմաններուն մէջ դժուա՛ր է մարդը նմանցնել գետի մը, որ իր հոսքով յարատեւութեան եւ հաստատակամութեան կատարեալ օրինակ մը՝ տիպա՛ր մըն է։
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ ներկայ տարեմուտին իր ունկնդիրներուն կը ներկայանայ նորութիւններով։ Այսպէս, արդէն համացանցի վրայ է Սիպիլի եւ աւստրալահայ դաշնակահար Արայի առաջին համատեղ տեսահոլովակը։
Խստաշունչ ձմեռը այս օրերուն կը տիրէ Իսթանպուլի մէջ։ Ամէն տարի, երբ եղանակը կը խստանայ, արդէն աշխատանքներ կը տարուին զօրակցելու համար անօթեւաններուն։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ «Թրքական հոսք» կազամուղ խողովաշարի պաշտօնական բացման արարողութեան առթիւ։
Իրանի բանակը թիրախաւորեց Իրաքի տարածքի ամերիկեան ռազմախարիսխը:
Նախարար Ճեւատ Զարիֆ. «Թեհրան պատերազմ չ՚ուզեր, սակայն ինքզինք կը պաշտպանէ»: