Արխիւ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը երէկ կազմակերպեց հետաքրքրական ձեռնարկ մը, որ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց դպրոցի աշակերտութեան մօտ։ Այսպէս, թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ, ծնողաց միութեան անդամուհիները առիթ ընձեռեցին, որպէսզի տղաքը պատրաստեն տօնին բնորոշ ուտեստեղէններ՝ չէօրէքներ, խմորեղէններ եւ հաւկիթներ։
Հայաստանի Սենեկային Ազգային նուագախումբը վերջերս Երեւանի մէջ հանդէս եկաւ եզակի համերգով մը։

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ԷԼԻԶ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Մամուլի մէջ հրապարակումներու պակաս չկայ նաեւ մէկ այլ հայազգի նուիրեալի՝ ֆրանսահայ բժշկուհի Էլիզ Պօղոսեանի մասին: Բաւական է որոնել անոր անունը՝ Elise Boghossian, ապա համացանցի մէջ կը հետեւին անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ այլ լեզուներով անհաշիւ յօդուածներն ու տեսանիւթերը, որոնք կը պատմեն այս զարմանալի հայուհիի մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բիւզանդական կայսրութեան գոյութեան ժամանակներէն, հայերը՝ նկատի չառնելով յունաց կրօնական հալածանքները, անընդհատ գաղթած են դէպի Պոլիս եւ այնտեղ բնակութիւն հաստատած են, եւ նոյն իսկ իշխանութեան ու կայսրութեան հասած։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Սուրիական տագնապի առաջին իսկ օրերէն շրջանային եւ միջազգային լուսարձակները շեշտուած կերպով կեդրոնացան Հալէպի (նահանգ եւ քաղաք) վրայ, եւ այդպէս ալ մնացին:
ԵԱՀԿ-ի մօտ Գերմանիոյ նախագահութեան յատուկ ներկայացուցիչ Կերնոտ Էրլէր եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները վերահաստետեցին իրենց յանձնառութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային ճանապարհով խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան շաբաթավերջին ունեցան հանդիպում մը Երեւանի մէջ։
Երէկ, Երեւանի մէջ նշուեցաւ Բանաստեղծութեան համաշխարհային օրը։ Մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ, Հիւսիսային պողոտային վրայ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ։
Հայաստանի զինեալ ուժերու ղեկավար կազմի հաւաքները սկսան Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ:
Անցեալ տարեվերջին հայկական բանակը ստացաւ որակապէս նոր սպառազինութիւն եւ հետագայ մատակարարման երաշխիքներ:
Թուրք պատմութեան հիմնարկը (TTK) կը պատրաստուի հայկական հարցին վերաբերեալ լայնածաւալ հրատարակութիւնով մը հանդէս գալ։
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրին ձօնուած «Իսթանպուլի աչքը» փաստավաւերագրական ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ Յունաստանի Թէսաղոնիկէ քաղաքին մէջ։
Ահաբեկչական իրերայաջորդ յարձակումներու մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կը ջանայ ամուր կանգնիլ վտանգներուն դէմ ու կը դիմադրէ ամրապնդելով միասնականութիւնը:
Պէյօղլուի մէջ շաբաթավերջին պատահած դէպքին ընթացքին վիրաւորուած Օքսէն Խաչանեանի դարմանումը կը շարունակուի Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցէն ներս:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պէյօղլուի մէջ շաբաթավերջին պատահած ահաբեկչութեան հետեւանքով վիրաւորուածներու շարքին կը գտնուի մեր համայնքէն Օքսէն Խաչանեան։
«Քրիստին Սալերի» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային հինգերորդ նկարչութեան մրցոյթին ծրագիրը շաբաթավերջին գործադրուեցաւ մասամբ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ վերյիշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը՝ Երուսաղէմ:
Ծաղկազարդի առթիւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ խաչեր նուիրեց փոքրիկներուն:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Օրիորդ մը փողոցէն քալած ատեն երիտասարդ մը կը հարցնէ.
-Ուրկէ՞ կու գաս, քոյրի՛կ:
Օրիորդը կը պատասխանէ.
-Գեղեցկութեան տունէն:
-Անպայման փակ էր, հա՞, կ՚ըսէ երիտասարդը:
Պարզ է, որ գեղեցկութեան հանդէպ մարդոց ապրումները, ձգտումները, ըմբռնումներն ու տեսակէտները այլազան են, ոմանք՝ մակերեսային, ոմանք՝ խորունկ:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Գաղտնիք մը չէ, որ տպագիր մամուլը կը նահանջէ իր տեղը տալով ելեկտրոնայինին: Այս երեւոյթը համաշխարհային է:
«Արամէ» ցուցադրասրահի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին եւ «Սիլվանա» ցուցադրասրահին համագործակցութեամբ, «Ժամանակակից արուեստի հայ վարպետներ» խորագրեալ ցուցահանդէսը տեղի կ՚ունենայ Մարտի 12-26 թուականներուն, «Սիլվանա» ցուցադրասրահին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Փորձառութիւնը լաւագոյն դաստիարակն է», կ՚ըսէ Թովմաս Քարլայլ։ Եւ իրապէս, եթէ գիտութիւնը եւ աշխատութիւնը անհրաժեշտ են յաջողութեան համար որեւէ մարզի մէջ, փորձառութիւնն ալ նոյնքան անհրաժե՛շտ է կատարելութեան համար։
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Վերջերս կը լսեմ, թէ ինչո՛ւ լռած եմ, չեմ շարունակեր «Օրագրութիւնս», որ ըստ իրենց՝ շատերուն օրագրութիւնն է: Բայց երբ մարդիկը յուսադրելու հիմքեր չունիմ, միայն ժխտականը յիշելն ալ ճիշդ չեմ գտներ, մանաւանդ որ փապուղին շատ ոլոր-մոլոր է, եւ վերջաւորութեան լոյսը չ՚երեւիր:
