Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ յաճախ կը սխալի իր դատումներուն եւ որոշումներուն մէջ, քանի որ ան մարդկային թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի, այսինքն «կատարեալ» չէ։ Եւ մանաւանդ կ՚ըսուի, թէ՝ շատ գիտցողը շատ կը սխալի։
Հարպիյէի Սեն թ՚Էսփրի եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ երաժշտահանդէս մը, որու մասնակցութիւն բերաւ մեցցօ սոփրանօ Նաթալի Պօղոսեան՝ նուագակցութեամբ Արտա Արտաշէս Ակօշեանի։ Նաթալի Պօղոսեան որպէս հիւր մենակատար մասնակցեցաւ այս համերգին եւ իրեն երգեհոնով ընկերացաւ Արտա Արտաշէս Ակօշեան։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արձագանգեց Հանրային նախաձեռնութեան միջոցաւ ընկերային ցանցերու վրայ իրեն հասցէագրուած կոչին:
Նորին սրբազնութիւնը բաց նամակին մէջ կանգ առաւ մեր եկեղեցւոյ վարդապետութեան նկատմամբ հաւատարմութեան անհրաժեշտութեան վրայ եւ ահազանգ հնչեցուց այն շրջանակներուն դէմ, որոնք կը ձգտին գրաւի տակ առնել մեր համայնքի ապագան. «Գուցէ ներկայ կանոնադրութիւնը հարիւր տոկոսով դիւր չէ եկած մեզի, սակայն միթէ պէտք է մսխե՞նք զայն ապահովածներու հաշիւները քուէատուփէն ետ դարձնելու հնարաւորութիւնը։ Ընտրական տուեալ պայմաններու սահմանները կրնանք ընդլայնել միասնականութիւնով ու զօրակցութեամբ»:
Էսաեան վարժարանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ արտասանութեան ձեռնարկ մը։ Լիսէի բաժնի աշակերտներուն միջեւ կազմակերպուած մրցոյթի մը ձեւաչափը ունէր հանդիսութիւնը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ մէջ էր:
Նորին սրբազնութիւնը նախընտրական քարոզարշաւը յառաջ կը տանի ժողովուրդի հետ հանդիպումներով:
Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան հաւաքոյթ մը կազմակերպեց Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ:
Ժողովի ընթացքին շեշտուեցաւ, որ մեր համայնքի անդամները անպայման պէտք է մասնակցին քուէարկութեան:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Շուրջ երկու ժամ տեւեց այս հանդիպումը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Սուրիոյ հիւսիսին Թուրքիոյ կողմէ նախատեսուած անվտանգ գօտիի վերաբնակեցման խնդիրը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Ժընեւի մէջ իր մահկանացուն կնքած է զուիցերահայ յայտնի գործիչ Արտէն Շէլլէֆեան։ Սա իսկապէս անժամանակ մահ մըն էր, որովհետեւ Արտէն Շէլլէֆեան տակաւին աշխատունակ վիճակի մէջ էր եւ բնականոն հունով յառաջ կը տանէր իր կեանքը։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանը երէկ եզրափակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցի-պետութիւն համագործակցութեան:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մարդիկ, ընտանիքներ, երբ կը ներգաղթեն իրենց համար բոլորովին անծանօթ երկիր մը, որուն ո՛չ մշակոյթին, ո՛չ լեզուին եւ ոչ ալ օրէնքներուն ծանօթ են, բնականաբար բաւական մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Այսպիսի պարագաներու, օգնութիւնը աւելի ուշ կու գայ ընտանիքներու երեխաներէն, որոնք աւելի շուտ կը համարկուին նոր միջավայրին եւ աւելի արագ կը սորվին լեզուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կը շարունակենք հետեւիլ Լիբանանի զարգացումներուն։ Այս առումով բնականաբար հայութեան համար կիզակէտային սկսած է դառնալ ընթացող զարգացումներուն առընթեր լիբանանահայութեան ընդհանուր վիճակն ու պատմական համարուած հայկական գաղութին վերապահուած ճակատագիրն ու ապագան։
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Իտալացի հռչակաւոր երաժշտահան, անկրկնելի ջութակահար, կիթառահար Նիքոլօ Փականինին ծնած է 27 հոկտեմբեր, 1782 թուականին, Իտալիա՝ Ճենովա: Ան իր ժամանակի ամենայայտնի, ամենատաղանդաւոր եւ առեղծուածային ջութակահարն էր, որ իր գործերով մարդոց սիրտերը կը յուզէր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ո՜րքան սքանչելի բան է մաքուր խղճմտանք մը ունենալ եւ մաքուր խղճմտանքով ապրիլ այս կեանքը։ Ուստի մաքուր խղճմտանքը մարդուս ներքին մաքրութիւնն է, եւ հոն ուր կայ մաքրութիւն, հոն կայ նաեւ սէր, համբերութիւն, հանդուրժողութիւն, ներողամտութիւն, կարեկցութիւն եւ գութ, որոնք մարդս կը կատարելագործեն, առաքինի եւ ազնիւ մա՛րդ կ՚ընեն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այսօր, ընդհանրապէս մարդկութիւնը «հոգեւոր արթնութեան» մը կը կարօտի, հակառակ որ քաղաքակրթութեան անարգել յառաջդիմութեան շնորհիւ շատ բաներ ունի։ Այսօր մարդկութիւնը պահանջքը ունի հոգեւոր արթնութեան, քանի որ հետզհետէ կ՚անտեսուի հոգեւորը, բարոյական արժէքները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Քանի մը օր առաջ երկու վարչապետները արդէն հանդիպած էին Մոսկուայի մէջ։
Խաչիկ Եըլմազեանի մականին ներքեւ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբը պանծացուց Մեծն Կոմիտասի յոբելեանը:
Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ երդիքին տակ համախմբուած երաժշտասէրները վայելեցին փայլուն երաժշտահանդէս մը:
Թուրքիոյ եւ Վրաստանի միջեւ յառաջիկայ շրջանին տեղի պիտի ունենան Ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի ժողովներ:
Անգարա եւ Թիֆլիզ լաւագոյնս կ՚արժեւորեն հարեւան ըլլալու ընձեռած բոլոր հնարաւորութիւնները, նաեւ պատմական կապերն ու հասարակաց արժէքները:
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց «Memleket Meselesi» անուն գիրք մը, որու հեղինակն է յայտնի գրող Մկրտիչ Մարկոսեան։ Այս գիրքը կը բովանդակէ՝ քրտական հարցի վրայ հեղինակի գրութիւնները։
Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտիի մը ստեղծման ուղղեալ աշխատանքներուն ծիրէն ներս, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը այս առաւօտ Եփրատի արեւելքին ձեռնարկեցին առաջին հերթապահութեան։ Բանակի «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կ՚իրականացուի այս հերթապահութիւնը, որու հիման վրայ յայտնի պիտի դառնայ Ռուսաստանի կողմէ տրուած երաշխիքներուն արդիւնքը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ յառաջիկայ օրերուն Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան, իր տիկնոջ՝ Վլասիա Փաւլոփուլոսի հետ։