Արխիւ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2019

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ 2019-2020 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը զօրակցութեան առարկայ դարձուցած է Գալֆաեան Տունը։ Այսպէս, դպրոցի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզի եւ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի երկխօսութիւնը ծնունդ տուած է ողջունելի զօրակցութեան մը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2019

Արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ դէմ խմորումները կը շարունակուին ուշագրաւ իրադարձութիւններով։ Ծովու յատակի բնական պաշարները արդիւնահանելու համար վերջին շրջանին համագործակցութիւն մը կը հասուննայ Յունական Կիպրոսի, Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի միջեւ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2019

Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա, ուր բազմակողմանի հանդիպումներ կ՚ունենայ ռուսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զարեհ Սինանեան կը ներկայացնէ Հայաստանի զարգացման ներկայ տեսլականն ու ընթացիկ արդիւնքները։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2019

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան փոխ-նախարարի տեղակալը այցելեց Հայաստան:
Երեւան եւ Ուաշինկթըն առաւել խորացնել կը ձգտին բարեկամութիւնն ու գործընկերային յարաբերութիւնները:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2019

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի զօրքերու փոխ-հրամանատար Սթեֆըն Մ. Թուի-թի եւ Կեդրոնի զօրքերու փոխ-հրամանատար Թոմաս Ու. Պերկսոն երէկ շարունակեցին իրենց շփումները Թուրքիոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականները Թուրքիա եկած են՝ Սուրիոյ հիւսիսին, Եփրատի արեւելքին անվտանգ գօտիի մը ստեղծման վերաբերեալ խնդիրները քննարկելու առաջադրութեամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019

«Տիգրան Մանսուրեան-80» համերգաշարով կ՚արժեւորուի մեծանուն արուեստագէտի յոբելենական շրջանը:
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ հնչեցին վարպետի՝ շարժանկարի համար կատարած ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ պաշտօնանկ ըրաւ Ազգային անվտանգութեան հարցերով իր աւագ խորհրդականը՝ Ճոն Պոլթընը։ Այս վերջինը ծանօթ էր Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու իրականացման հետամուտ մօտեցումներով եւ խոր տարակարծութիւններ կ՚ապրէր ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019

Եւրոմիութեան գործադիր մարմնի՝ Եւրոյանձնաժողովի նոր նախագահը՝ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն երէկ ծանօթացուց նորակազմ յանձնաժողովի անդամները։ 13 կիներէ եւ 14 այրերէ կը բաղկանայ Եւրոյանձնաժողովի նոր կազմը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019

Անգլիոյ նախկին վարչապետներէն Թոնի Պլէյր կոչ ուղղեց, որպէսզի BREXIT-ի համար տեղի ունենայ նոր հանրաքուէ մը եւ այսպէսով երկիրը յաղթահարէ ստեղծուած առկայ տագնապը։ Ինչպէս ծանօթ է, Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսըն կը ջանայ արտահերթ ընտրութիւններու ձեռնարկել՝ յաղթահարելու համար BREXIT-ով պայմանաւորուած թնճուկը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ ամերիկահայ յայտնի գիտնական Տքթ. Հրաչ Սէմէրճեան, որ նախկին պոլսահայ մըն է։ Ան կ՚ապրի Ուաշինկթընի մօտակայքին ու երկար տարիներ որպէս աւագ գիտնական աշխատած է ԱՄՆ-ի Առեւտուրի նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող Չափանիշներու եւ փորձագիտութեան ազգային կաճառէն ներս։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019

Նախընթաց օր ուրախութիւնն ունեցանք խըմ-բագրատանս մէջ հիւրընկալելու Հայաստանէն երիտասարդ հասարակական գործիչ եւ պրպտող Անահիտ Ղազարեանը։ Նկատի ունենալով, որ Անահիտ Ղազարեան անցեալի մէջ գրախանութներու բնագաւառէն ներս ալ աշխատանք ծաւալած է, ան արդէն ծանօթ էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019

Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները միշտ կը զուգորդուին լարուածութեամբ:
Չավուշօղլու յայտնեց, որ Եփրատի արեւելքին Ուաշինկթըն իրականութեան մէջ ահաբեկիչներու համար անվտանգ գօտի մը ստեղծել կը փորձէ: Նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ գաղթականաց նոր ալիք մը անտանելի պիտի ըլլայ Անգարայի համար: Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան մէջ ամերիկացի երկու հրամանատարներ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երկրաւոր կեանքը մեզի շնորհուած «ժամանակամիջոց» մըն է միայն. այնպէս պէտք է օգտագործել զայն, որ Աստուծոյ ներկայանալ կարելի ըլլայ արժանիքներով, որոնց համար մարդ, անանց, անժամանակ յաւիտենական երջանկութեամբ պիտի վարձատրուի։ «Խաւար»ի տիրապետութենէն ետք, երբ լոյսի իշխանութիւնը երեւի եւ այդ լոյսի իշխանութեան հասնինք, անդին՝ Աստուած, մեր գերագոյն Բարիքը, պիտի ճանչնանք եւ պիտի տեսնենք ինչպէս որ է Ան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ուրեմն…
Երբ առաջին անգամ ժամանեցի Պոլիս, օր մը իմ ապագայ կեսուր մայրիկի՝ տիկին Քաթիայի հետ գացինք առեւտուրի։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Հայաստանէն Պոլիս գաղթածներու կողմէ հիմնադրուած եւ բանեցուող Հրանդ Տինք վարժարանի մասին նախորդ յօդուածիս մէջ փորձած էի ներկայացնել, թէ այդ հաստատութիւնը ի՛նչ աստիճանի կապուած է Հայաստանի հետ եւ կարծիք յայտնած՝ որ Հայաստանը մշտական վերացական ներկայութիւն է այնտեղ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, նախընթաց օր, ձեռամբ Պատրիարաքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի, պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019

Հոկտեմբերի 6-9-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու 23-րդ համաշխարհային համաժողովը՝ «WCIT 2019»։ Այսպէս, «WCIT 2019»ի կազմակերպիչները երէկ հաղորդեցին, որ այս համաժողովին պիտի մասնակցի նաեւ գործատէր, հաղորդավար, բնորդ եւ արտադրող Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը, որ կը գտնուի Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան շրջանին, խորհրդարանի որոշումով՝ 9 սեպտեմբեր 1919 թուականին հիմնադրուած էր այս թանգարանը, որու յոբելեանը կը համարուի յատկանշական հանգրուան մը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2019

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Նորածին մը անտէր, անօգնական լքելը՝ նորութիւն մը չէ ամերիկայի տարածքին։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ սեռային յարաբերութիւնը ընդհանրացած երեւոյթ մըն է, յատկապէս՝ պատանիներու միջեւ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2019

Գրաբարէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Անոր ժամանակը չէր հասած»:
Հարցում. Ի՞նչ է «Անոր ժամանակը չէր հասած»:

Էջեր