Արխիւ
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Քսանհինգ տարիներ առաջ օգոստոսի 18-ին Վազգէն Ա. Հայրապետ կը փակէր իր աչքերը մնալով առ յաւէտ իր ժողովուրդի ու հայրենիքի հետ անբաժան։ Ինչպէ՛ս չյիշել երախտարժան Հայրապետը, որ գերազանցելով իր նախորդ հայրապետներուն գահակալութեան տարիները, ցայսօր կը մնայ ամենէն երկար եւ արդիւնալից 39 տարիներու հեղինակ Հայրապետը։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Պոլսոյ Գումգաբու թաղամասը միշտ ալ կարեւոր կեդրոն մը եղած է քաղաքի հայութեան համար։
Ոչ միայն հայահոծ եղած է երկարատեւ ժամանակ, այլ 1641 թուականին Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութիւնը պաշտօնապէս փոխադրուած է այնտեղ, զայն վերածելով հայկական համայնքի պաշտօնական ներկայացուցչութեան նստավայրին։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ես գուշակ եմ մեր թաղին մէջ
Սուրճ կը նայիմ տուներուն մէջ
Մէկին կ՚ըսեմ «մատաղ ունիս»
Մէկին ալ զի «մուրազ ունիս»
Իսկ մէկին ալ ցաւ ու տխրութիւն…
Այսպէս կը սկսի Մարալ Այվազի «Գուշակի երգը» մեներգին անդրանիկ տողերը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 1, 1939 թուակիր «The GOTCHNAG - An Armenian Weekly» պարբերաթերթին մէջ կը կարդանք Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մասին հետեւեալ շահեկան լուրերը։ Լուրերը կը ներկայացնենք բնագիրին հաւատարիմ մնալով։
15 յուլիսի ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրը բնորոշուեցաւ աննախընթաց խանդավառութեամբ եւ ժողովուրդի զգօնութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Անգարայի եւ Իսթանպուլի հանդիսութիւններուն ժամանակ ասպարէզ կարդաց տականքներու դէմ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚արժէ խորհիլ, թէ ո՞վ է «տիպար հայր»ը, քանի որ ինչպէս մայրը, նո՛յնպէս հայրն ալ մեծ դեր կը խաղայ ապագայ սերունդ մը հասցնելու կարեւոր գործին մէջ։ Արդարեւ, «տիպար հայր»ը քուէարկութեամբ ընտրելու սովորութիւնը, որ ընդհանրապէս որդեգրուած է կարգ մը շրջանակներու մէջ, ազատ չէ «առեւտրական շարժառիթ»ներէ։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երկրորդ, խոստովանութիւնը մեզի համար կը կրկնէ, նախ՝ մեղքերու եւ երկրորդ՝ դաւանութեանց, ինչպէս երբ կու գանք մկրտութեան, նախ կը հրաժարինք եւ ապա կը դաւանինք:
Երրորդ, դաւանութիւնը կրկին է. նախ՝ սիրտին եւ երկրորդ՝ բերանին, ըստ այնմ. «Սիրտով հաւատալ արդարութեան եւ բերանով խոստովանիլ փրկութիւնը» (տե՛ս Հռ 10.10):
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կոմիտասի գնահատած մեներգիչը եղած է Վահան Տէր-Առաքելեան: Հայաստանի Եղեգնաձորի շրջանի Մալիշկա գիւղը ծնած այս արուեստագէտը 1901-1905 թուականներուն ուսանած է Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը. ուսանողներուն մէջ առանձնացուած է իր գեղեցիկ ձայնով ու երաժշտական փայլուն ընդունակութիւններով:
Վեհափառ Հայրապետը նոր սերունդին կը պատգամէ ներգրաւուիլ ազգային կեանքին:
ՀԲԸՄ-ի ամառնային ծրագրերուն մասնակից երիտասարդները արժանացան բիւր օրհնութեան:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Նորին սրբազնութիւնը կիրակի երեկոյեան ցամաքային ճամբով Իսթանպուլէն մեկնեցաւ՝ ընկերակցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Սա նախագահի եւ վարչապետի հերթական աշխատանքային հանդիպումն էր, որ տեղի ունեցաւ նախագահական ապարանքի երդիքին տակ։
«Լաւագոյն օփերայի երգչուհի» մրցանակը նուաճած արուեստագիտուհին հմայեց Երեւանի ունկնդիրները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան պատուեց սոփրանօ Յասմիկ Գրիգորեանի համերգը:
Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ ժողով մը գումարեցին Պրիւքսելի մէջ։ Euronews-ի հաղորդումներով, այս ժողովին ընթացքին եւրոպացի նախարարները որոշեցին պատժամիջոցներ գործադրել Թուրքիոյ դէմ։ Տեղական մամուլն ալ արձագանգ կը հանդիսանայ այս իրադարձութեան՝ ընդգծելով, որ ԵՄ-ի կողմէ Թուրքիոյ դէմ նախատեսուած պատժամիջոցները ունին խոր-հըրդանշական բնոյթ։
Գումգաբուի մէջ վաղը նախատեսուած է համայնքային կարեւոր ժողով մը, որուն պիտի նախագահէ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Այսպէս, խորհրդակցութեան հրաւիրուած են Կրօնական ժողովի անդամներն ու համայնքային մարմիններու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները։ Այս ժողովի հիման վրայ պիտի կազմուի պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Հայաստանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի մինչեւ 19 տարեկաններու ֆութպոլի առաջնութիւնը։ Երիտասարդներու մրցակցութիւնը յատկանշական է մարզական աշխարհին համար։
Թուրքիա երէկ խոր յուզում ապրեցաւ Հաքքեարիէն հասած լուրերով։ Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան շարքայիններուն հետ ոստիկան զօրքերը ունեցան բախումներ։ Քաղաքի ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ձեռնարկուած գործողութիւններուն ժամանակ չէզոքացուած է երեք ահաբեկիչ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ կուռ դամբանական մը:
Նորոգ հանգուցեալ դեսպան Արման Կիրակոսեանի յուղարկաւորութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 16-րդ շարժանկարի միջազգային փառատօնը շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին:
Դատակազմի նախագահ Ալեքսանտր Մինտածէ հանդիսութեան ընթացքին ընդգծեց որակեալ ժապաւէններու բարձր թիւը:
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան այսօր աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տիգրան Աւինեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցութիւն կը բերէ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի Կայուն զարգացման հարցերով բարձր մակարդակի քաղաքական ֆորումին եւ այլ հաւաքոյթներու։