Արխիւ
Եկեղեցականաց համագումարի ընդառաջ հոգեւորականաց դասէն ներս կը բարձրանան պոռթկումի ձայներ:
Կրօնական ժողովի փոխ-ատենապետ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան յայտարարութիւն մը ըրաւ ընկերային ցանցերու վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յոռետեսութիւնը, որ ամէն բանի վերջը կամ հետեւանքը գէշ տեսնելու վատ սովորութիւն մը, յատկութիւն մըն է, ամէն մարզի մէջ կը քայքայէ մարդուս բարոյական կորովը, տրամադրութիւնը եւ անատակ կը դարձնէ զայն որեւէ ստեղծագործ աշխատանքի։ Յոռետեսութիւնը իր այս ազդեցութեամբ մարդս անշարժութեան կը մատնէ, աննպատակ եւ անիմաստ կ՚ընէ ամբողջ կեանքը։ Մէկ խօսքով, ամլութեան կը մատնէ մարդուս կեանքը եւ այս պատճառով, մարդ պէտք է ազատելու աշխատի յոռետեսութենէ, ինչ որ դիւրին գործ մը չէ…։
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Լաւատեսութիւն ներշնչող զգացում է հայ կեանքի զանազան մարզերուն մէջ տեսնել յայտնութիւնը խոստմնալից նոր ուժերու, աշխատանքի յանձնառութիւն եւ պատրաստակամութիւն ունեցող երիտասարդ տղոց ու աղջիկներու:
Մամլոյ ասպարէզի պարագային, սակայն, կարելի չէ հաշտուիլ լաւատեսութեան նման ապահով զգացումի մը հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թէ՛ «բարի» եւ թէ՛ «արդար» ըլլալ կարելի՞ է։ Արդարեւ, երբեմն «բարի» ըլլալու համար կը զոհուի արդարութիւնը, եւ կամ փոխադարձաբար «արդար» ըլլալու համար կը զոհուի բարութիւնը։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ամերիկայի տարածքին՝ մայիսին դպրոցական տարեշրջանը կ՚աւարտի, շրջանաւարտից հանդէսներով։ Մեր այսօրուան նիւթը այս տարուան շրջանաւարտից համդէսներուն մասին է, առաջին երկուքը՝ երկրորդական վարժարանի, իսկ երրորդը՝ համալսարանի։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Դարերէ ի վեր փիլիսոփաներ, իմաստուններ, մտաւորականներ եւ նոյնիսկ իշխանաւորներ փորձած են ճիշդը սխալէն զանազանելու բարոյական ընդհանրական սկզբունքներ հաստատել: Տեսական գրութիւններով, պետական օրէնքներով ժամանակի ընթացքին ձեւաւորուած են որոշ ըմբռնումներ, որոնք շատերու համար հարցական կը մնան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տակաւին յստակ չէ, որ Վրաստանի մէջ ամէն օր նոր սրացում ապրող դէպքերը ինչ ուղղութեամբ պիտի տանին Հայաստանի հարեւան երկիրը, սակայն յայտնի է, որ 20 յունիսը երկար ժամանակով մը պիտի յիշատակուի եւ դեռ կարեւոր արժեւորումներու ենթակայ դառնայ։ Այդ օրը Վրաստանի խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած միջադէպէն ետք հայկական պատուիրակութիւնը կը լքէր նիստերու դահլիճը:
Հաճոյքով կը տեղեկանանք, որ մեր երիտասարդ կրթական մշակներէն Լեռնա Քարապուրուն-Տեմիրի աշակերտները ուսումնական կեանքէ ներս կ՚արձանագրեն փայլուն յաջողութիւններ։ Լեռնա Քարապուրուն-Տեմիր աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի Տարրաբանութեան բաժինը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Իրականութեան մէջ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը տեղի պէտք է ունենար անցեալ շաբաթավերջին, սակայն ընտրութիւններուն բերումով անոնք յետաձգուեցան շաբաթ մը եւ տեղի ունեցան երէկ։
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ զգալի լիցքաթափում՝ նախագահներու հանդիպման լոյսին տակ:
Էրտողանի եւ Թրամփի տեսակցութիւնը լաւատես հորիզոններ կ՚ուրուագծէ թուրք-ամերիկեան համագործակցութեան առջեւ:
Crans Montana ֆորումի տարեկան մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը. ապագան աւելի մօտ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին շնորհուեցաւ «Prix de la Fondation 2019»ը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր հոգեւորականաց դասու երիտասարդ ու նուիրեալ անդամներէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան վերջերս աւարտած է համալսարանը։ Ան մեր վեղարաւորներու շարքին ուշադրութիւն կը գրաւէ իր աշխուժութեամբ եւ յանձնառութիւններով։
Նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին Քիոթոյի մէջ կատարեց նաեւ՝ լուսանկարչութեան անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի գործերու ցուցահանդէսին բացումը։ «Թոֆուքուժի» մեհեանին մէջ բացուած է Արա Կիւլէրի ցուցահանդէսը, որու ընթացքին կը ներկայացուին շուրջ վեց տասնեակ լուսանկարներ։
Առաջին անգամ Մալթայի կողմէ պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայաստան:
Զօհրապ Մնացականեան հիւրընկալեց Քարմելօ Ապելան՝ քննարկելով գործակցութեան հեռանկարները:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանագրով Կարէն Միրզոյեան նշանակուեցաւ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան։ Այս նշանակումը արդէն հրապարակուած է կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ։
Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ դրական կեցուածք:
Հայաստան եւ Ատրպէյճեան փոխանակեցին քաղաքացիներ, որոնք հատած էին սահմանը եւ չէին գործած ծանր յանցանք մը:
«G-20»ի անդամ երկիրներու ղեկավարները համախմբուած են՝ Ճաբոնի վարչապետի տանտիրութեամբ:
Էրտողան եւ Թրամփ հանդիպում մը ունեցան՝ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու առկայ բարդ վիճակին մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ կարելի՞ է որ մոռնայ մէկը, որ իր կեանքը Աստուծոյ է նուիրած եւ Աստուծոյ ըսած. «Իմ կեանքս, կամքս, սիրտս, միտքս, հոգիս ամբողջութեամբ Քեզի կու տամ։ Իմ կողմէս ո՛չ մէկ պայման, ո՛չ մէկ -եթէ-։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հուաուէյ հերքած է Չինաստանի կառավարութեան հետ որեւէ կապ ունենալու տեղեկութիւնը:
Հուաուէյի կիպեր-ապահովութեան պատասխանատու Ճոն Սուֆոլք խորհրդարանի երեսփոխաններուն յայտնեց, որ Չինաստան կամ այլ կառավարութիւն մը արհեստագիտական հսկայ ընկերութենէն երբեք չէ պահանջած «անբարենպաստ բան մը կատարել»:
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Շատ յուզիչ, զգացումներով լի երգ մը, որ ողջ աշխարհին ստիպեց յուզուիլ զայն լսելու ժամանակ եւ նոյնը կը շարունակէ ընել մինչ օրս: Ատէլ երգը գրելու ժամանակ անոր մէջ ամբողջութեամբ արտացոլած է իր ապրումներն ու ներաշխարհը: