Արխիւ
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենան մշակութային բազմակողմանի ձեռնարկներ։ Այս ծիրին մէջ բացուած է նաեւ ֆրանսահայ նկարչուհի Ասիլվայի ցուցահանդէսը, որ կ՚արժանանայ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։
Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկան Իտլիպի կացութեան շուրջ։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ վերջին շրջանին այս քաղաքը անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած է՝ հրատապ միջամտութիւններով մարդասիրական աղէտի մը կանխուելու առաջնահերթութեամբ։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան բացառապէս Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Իլհամ Ալիեւ պնդեց, որ հայկական կողմը փորձած է բանակցութիւններու ձեւաչափը փոփոխութեան ենթարկել, սակայն այդ ջանքերը յաջողութեան պիտի չհասնին։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը այս առաւօտ սկսաւ Երեւանի մէջ:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւլէ Մաքրոն այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ ելոյթ ունեցաւ բացումին:
Արժանթինի Մխիթարեան վարժարանի սաները այցելեցին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հիւրընկալեց շաբաթավերջին ձեռնադրուած նորաօծ քահանաները եւ բուժման համար Հնդկաստան մեկնիլ պատրաստուող հաշմանդամ զինուորականներ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանը ֆրանսախօսութիւն կը շնչէ: Երեւանի զանազան հրապարակներու վրայ բեմեր լարուած են. մեծ ազդագրերը, ցուցահանդէսները, համաժողովները, համերգները եւ բազում մշակութային միջոցառումները այս օրերուն միայն Ֆրանսախօսութեան միջազգային գագաթաժողովին նուիրուած են:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Այստեղ, այս աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Այսպէս կը պատուիրէ Յիսուս, մատնանշելով թէ կեանքի մէջ միշտ պիտի պատահին նեղութիւններ, դժուարութիւններ՝ որոնց հանդէպ պէտք է քա՛ջ ըլլալ Իր իսկ օրինակով։
ՆԱՀԱՊԵՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Տասներկու տարիքս նոր բոլորած, պատանեկութեանս սեմին, այցի եկար Արեւելք՝ Սուրբ Քաղաքը «Մեծ կրօն»ներու։ Ու հոն հայրենիքէն հեռո՜ւ… «փոքրիկ Հայաստան» մը գտար Սիոն լերան գագաթին բազմած… վանքը՝ հայոց Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան։
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմի տանտիրութեամբ՝ Անթալիայի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներու երրորդ հաւաքը։ Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը։
Դեկտեմբերի 9-ին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կը նախատեսուին Հայաստանի մէջ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Արա Պապլոյեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Երեւանի գագաթաժողովի ծիրէն ներս հաւաքներ:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի հիւրընկալել Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնը:
Ղազախիստանի մայրաքաղաքը՝ Աստանայի մէջ այսօր կը սկսի Համաշխարհային եւ աւանդական կրօններու առաջնորդներու 6-րդ համագումարը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ երկօրեայ այս համագումարին կը մասնակցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչները։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի քարոզիչ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Ֆ. Պրուս կ՚ըսէ. «Անուրանալի է թէ աւետարանիչը ծանօթ էր միւս Աւետարաններուն։ Հաւանօրէն ան ճանչցած է անոնցմէ մաս մը առնուազն, բայց զանոնք չէ օգտագործած որպէս աղբիւր»։
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Շարլ Ազնաւուրի մասին շատ խօսուած ու մելան հոսած էր իր կենդանութեան: Շատ խօսուեցաւ ու գրուեցաւ, նաեւ՝ յետմահու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ մարդ միշտ ունի թերութիւններ եւ տկարութիւններ, որոնք կը ստեղծեն տարակոյսներ, անորոշութիւններ։ Մարդ շատ անգամ կը դժուարանայ հաւատալու որեւէ «իրողութեան»՝ որքան ալ ան ըլլայ «ճշմարտութի՛ւն»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
-Ձեր Հայաստան գտնուելու պատճառը «Հայաստան 2018 - Իրողութիւն եւ հեռանկարներ» խորագրեալ գիտական համաժողովն էր, ուր նաեւ ելոյթ ալ ունեցաք։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ ժողովին մասին:
-«Հայաստան 2018 - Իրողութիւն եւ հեռանկարներ» համաժողովը կազմակերպուած էր Տքթ. Աշոտ Ոսկանեանի եւ Տքթ. Սիրանոյշ Դւոյեանի կողմէ՝ առաջինը փիլիսոփայ, երկրորդը՝ գրականագէտ:
Կեչառիսի պատմական վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ծառայութեան կը կոչուին երիտասարդ հոգեւորականներ:
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ այս շաբաթավերջի տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանի սեմին:
Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդը համայնքին աջակցութիւնը կ՚ակնկալէ՝ կայուն թափով յառաջ տանելու համար իր բազմակողմանի գործունէութիւնը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Արեւիդ մեռնեմ, սիրուն ճան»…
Փարիզի «Էնվալիտ»ներու պալատին մէջ տեղի ունեցած սգահանդէսին ժամանակ, ֆրանսացի զինուորականին կատարմամբ, այս երգը զարմանք եւ յուզմունք պատճառեց միլիոնաւոր մարդոց, որոնք թէ՛ ներկայ էին սգահանդէսին եւ թէ ուղիղ կապով աշխարհի զանազան վայրերէն կը հետեւէին մեծն Շարլ Ազնաւուրի հրաժեշտի արարողութեան: