Արխիւ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան երէկ երեկոյեան ժամերուն տեղեկացուց, որ Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան կալանաւորուած է։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի աշխատակցին հետ զրուցելու ընթացքին Արթուր Վանեցեան ըսաւ.

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին տեղեկացուց, որ նախօրէին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ զրոյց մը ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցութիւն բերած էին Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) գագաթաժողովին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018

Հարպիէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մեներգչուհի Լենա Շամամեանի համերգը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Ինպէս ծանօթ է, Լենա Շամամեան վերջին տարիներուն կանոնաւոր պարբերութեամբ համերգներով հանդէս կու գայ Իսթանպուլի մէջ եւ իւրաքանչիւրը կը ստեղծէ մեծ խանդավառութիւն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն 1988-ի երկրաշարժի զոհերուն ի յիշատակ
Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետած արարողութեան ներկայ էին նաեւ Արմէն եւ Նունէ Սարգսեանները

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018

Պատմութեան ծալքերու վերարժեւորում. արդի հոսանքներու տեսանկիւնով ու նորովի բացայայտումներով:
Զեքիեան Գերապայծառի եւ Իլպէր Օրթայլըի երէկուան ողջոյնի խօսքերէն վերջ նիստերը այսօր կը շարունակուին հեղինակաւոր գիտնականներու զեկուցումներով եւ եզրափակիչ փուլի կլոր սեղանով: Ռայմոն Գէորգեան ատենախօսներու շարքին:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները վաղը քուէատուփի մօտ պիտի փութան հերթական անգամ:
Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնը ծնունդ պիտի տայ քաղաքական նոր հաւասարակշռութեան:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Տարիքի հեղինակութիւն արժէք մը կը ներկայացնէ, երբ տարեցը տարիներու փորձառութենէն դասեր է քաղած եւ արժէք մը կրցած է աւելցնել իրեն փոխանցուած գիտութեան եւ փորձառութիւններուն վրայ եւ աւելիով կարողացած է փոխանցել զանոնք յաջորդ սերունդներուն։
Այս իմաստով, տարիքի հեղինակութիւնը դաւանիլ պարզապէս տարիքի նայելով եւ հաւատալ, թէ անիկա միա՛յն կրնայ արժանիք մը նկատուիլ։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Խօսիլը՝ մարդուս ամենէն խորհրդանշական արարքն է, քանի որ խօսիլը միա՛յն իրեն յատուկ կարողութիւն մըն է բոլոր կենդանական աշխարհին մէջ։ Արդարեւ, մարդ, կը զանազանուի եւ կը տարբերի միւս բոլոր կենդանի էակներէն՝ իր բանականութեան եւ խօսելու յատկութեամբ։ Խօսիլը բանականութեան բնական մէկ հետեւանքն է։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը այցելեց Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան, որ հոգեւոր դաս-զրոյց մը ունեցաւ աշակերտներուն հետ։ Տէր հայրը դպրոցէն ներս հիւրընկալուեցաւ մեծ ջերմութեամբ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

Երէկ երեկոյեան Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ մեր համայնքի նոր սերունդին ուղղեալ ժամադրութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ ամառ Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբը աշխատանքի լծուած է Խորհրդակցական մարմնին առընթեր։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ըստ Չինաստանի քաղաքականութեան վերլուծաբան Միքայէլ Վայզմանի, Չինաստանի նախագահ Չի Ժիմփինկի օրով պիտի չըլլայ սթաթիւքոյի ուժ մը՝ ընդունելու միջազգային ներկայ իրավիճակը եւ ոչ ալ պէտք է ակնկալել, որ անիկա վերատեսութեան ենթարկէ միջազգային կանոնները, այլ ան կը փորձէ ներկայանալ իբրեւ բարենորոգող, որ նպատակ ունի ձեռքբերումներ արձանագրել:
Հակառակ անոր որ արեւմտեան բոլոր աղբիւրները, սկսեալ՝ ամերիկեան լրատուամիջոցներէն, կը յայտնեն, որ Չինաստան վերատեսութեան պիտի ենթարկէ միջազգային յարաբերութիւնները, մինչեւ օրս ոչ մէկ մատնանշում կամ փաստ կայ այս հարցին շուրջ: 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Եոկայի դասընթացք կայ, Մարիա՛, երթա՞նք:
-Քանի՞ պահ է, ու ամօթ չըլլայ հարցնելը, Արազ, քանի՞ կ՚արժէ դասընթացքը:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Տ. Անդրանիկ Վրդ. Գէորգեանը եւ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեանը։ Այս վերջինները ներկայ շաբթուան սկիզբին իրենց թեզերը պաշտպանած ըլլալով երէկ առաւօտ Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ արժանացան մասնաւոր վարդապետական աստիճանի տուչութեան՝ ձեռամբ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «Պեռնինիի դպրոց. հռոմէական պարոք» ցուցահանդէսը։ Այս ձեռնարկը եւրոպական պարոք արուեստի բացառիկ ցուցադրութիւններէն մին է Հայաստանի մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

2019 թուականին Հայաստան պիտի ըլլայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանային նախագահը:
Սեն Փեթերսպուրկի մէջ երէկ տեղի ունեցան ԱՊՀ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի գագաթաժողովները՝ Փաշինեանի մասնակցութեամբ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

1988 թուականի մեծ երկրաշարժէն երեք տասնամեակ անց հայաշխարհէն ներս յուզումնախառն ոգեկոչումներ:
Հայաստանի հիւսիսին բազմահարիւր ընտանիքներ տակաւին չունին բնակարան. ընկերային ծանր կացութիւն:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018

Կա­թո­ղի­կէ հա­յոց ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի ա­ռըն­թեր գոր­ծող Օր­թա­գիւ­ղի «Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ» հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ըն­կե­րու­թիւ­նը այս շա­բա­թա­վեր­ջին գի­տա­ժո­ղով մը կը կազ­մա­կեր­պէ Իս­թան­պու­լի «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Եր­կօ­րեայ այս մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ կ՚առ­նէ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման տե­սան­կիւ­նէն Օս­մա­նեան կայս­րու­թիւնն ու հա­յե­րը՝ մա­նա­ւանդ մշա­կոյ­թի եւ տնտե­սու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, դեկտեմբերի 14-ին ան Պաքուի մէջ պիտի մասնակցի Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս այցելեց Հոլանտա։ Լախէյի մէջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ընդունուեցաւ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեանի կողմէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018

Բարեջան առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի 61-ամեակը. «Հաւատքը գործով կեանքի կոչել»:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս տեղի ունեցաւ «Christmas Ball»ի աւանդական տօնախմբութիւնը:

Էջեր