Արխիւ

Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2018

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) ազգային-գաղափարական ու մարդկային-բարոյական աւանդներու հունաւորման մէջ, գլխաւոր ներդրում ունեցած հիմնադիրներու շարքին, իր առանձնայատուկ տեղը կը գրաւէ մեծանուն հայ մանկավարժ ու փայլուն մտաւորական Յովհաննէս Թ. Հինդլեան, որ Փետրուարի 16-ին, 1950-ին, Պոլսոյ մէջ հրաժեշտ տուաւ մեր աշխարհին։


Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստորեւ կը շարունակենք Մեծ պահքի կիրակիներուն. չորրորդ Կիրակին՝ «Տնտեսի Կիրակի»ն ներկայացնել՝ մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն։
Մարդ իր հնարաւորութիւնները պարտաւո՛ր է օգտագործել ո՛չ թէ իր անձնական շահերուն ի նպաստ, այլ՝ հանրային օգտին եւ հասարակաց բարի՛քին համար։

Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2018

Գրականութիւնը, գիրքը մեր մտերիմն է, սրտակից ընկերը, հարազատն ու բարեկամը։ Ան նորանոր հորիզոններ կը բանայ մեր առջեւ, հնարաւորութիւն կու տայ ճանչնալ աշխարհը, մարդկայի բարդ ու խճճուած յարաբերութիւնները, կը սորվեցնէ սիրել, երազել, պայքարիլ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2018

Սերժ Սարգսեան կրկնեց. «Մենք չենք կրնար առ յաւէտ սպասել Թուրքիոյ պատասխան քայլերուն»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը մասնակցեցաւ Միւնիխի 54-րդ անվտանգութեան միջազգային համաժողովին:

Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2018

Յայտնի մորթաբանին հրաժեշտը՝ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեան յաւերժութեան ուղեւորուեցաւ՝ հոծ թիւով սգաւորներու աղօթակցութեամբ եւ արտասուքով:

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018

Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյենութեան եւ բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուած են շարք մը փոփոխութիւններ:

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ յայտարարեց, որ իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 28 Ապրիլին, հակառակ անոր որ իր մրցակիցին անունը ցարդ անորոշ է:

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018

ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ախոյենութեան բաժակը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով գտնուեցաւ Հայաստանի մէջ:

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018

Հոլանտայի մէջ համախոհական իշխանութեան մասնակից չորս կուսակցութիւնները կը պատրաստուին խորհրդարանի մէջ հաւանութիւն տալ՝ հայկական հարցին շուրջ պատրաստուած երկու բանաձեւերու։ «Պի.Պի.Սի.»ի թրքական ծառայութեան հաղորդումներով, այդ երկու բանաձեւերուն հեղինակն է Քրիստոնէական միութեան կուսակցութեան երեսփոխաններէն Ժոէլ Վորտեւինտ։

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ՝ իր գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեանին տեղեկացուց, որ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու ըլլալու առաջարկը։

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018

Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ռեքս Թիլըրսըն երէկ հանդէս եկան համատեղ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
Թուրքիա եւ ԱՄՆ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ճանապարհին առաջնահերթութիւն պիտի ընծայեն Մենպիչի հարցին:

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ մասնակցեցան արարողութեան, որու ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018

Երէկ երեկոյեան Էսաեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ միջմիութենական բանաստեղծութեան մրցոյթ մը, որ ձօնուած էր գրող Զարեհ Խրախունիի յիշատակին։ Մրցոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, որ միեւնոյն ժամանակ վարեց հանդիսավարի պաշտօնը։

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018

Նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ մորթաբանը ցաւ ի սիրտ կը յուղարկաւորուի այս շաբաթավերջին:
Բժշկական աշխարհը կը սգայ Փրոֆ. Տքթ. Յակոբ Կոթողեանի մահը՝ վերջին յարգանքի վառ արտայայտութեամբ:

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տարի մը առաջ, 2017 թուականի Փետրուարին, Սուրիոյ կառավարական ուժերը թէժ մարտեր մղելէ ետք յաջողեցան ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) տիրապետութենէն ազատագրել Հոմսի արեւելեան հատուածին մէջ եղող «Թայֆուր» զինուորական օդակայանը:

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Աստուած Տասնաբանեայ պատուիրաններուն մէջ կը թելադրէ Իսրայէլի որդիներուն ու աղջիկներուն՝ ըսելով. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ» (Ել 20.21։ Բ.Օր 5.16), «որպէսզի միշտ բարիք գտնես եւ երկրի վրայ կեանքդ երկար ըլլայ» (Եփ 6.2-3)։ Իսկ այլուր կ՚ըսէ. «Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ՝ մահուան պիտի դատապարտուի» (Ել 21.17։ Ղւ 20.9։ Բ.Օր 21.18-20)։

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահքը ունի վեց կիրակիներ՝ որոնք առընչութիւն ունին աւետարանական վեց վկայութիւններու հետ։ Կիրակիներու այս շարքը սահմանուած է Ա դարուն՝ Յակոբոս Տեառնեղբօր եւ Դ դարուն՝ Կիւրեղ Երուսաղէմացիի կողմէ։ Ուրեմն, այդ կիրակիներն են. «Բուն Բարեկենդան», «Արտաքսման», «Անառակի», «Տնտեսի», «Դատաւորի», «Գալստեան» եւ «Ծաղկազարդի» կիրակներ։

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2018

14 ­Փետ­րո­ւա­րի ծնունդ է հայ մտքի եւ գը-րա­կա­նու­թեան ե­րախ­տա­ւոր­նե­րէն, յատ­կա­պէս հայ կնոջ հա­սա­րա­կա­կան զար­թօն­քին ար­ժա­նա­ւոր դէմ­քե­րէն ­Հայ­կա­նոյշ ­Մառք։
Պոլ­սա­հայ հո­գեմ­տա­ւոր մեծ ժա­ռան­գու­թեան մէջ իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նի բա­նաս­տեղծ ու ար­ձա­կա­գիր, բայց մա­նա­ւանդ յան­դուգն հրա­պա­րա­կա­գիր ­Հայ­կա­նոյշ Մառ­ք, որ իբ­րեւ այդ­պի­սին ար­ժա­նի տեղ կը գրա­ւէ Սր­­բու­հի ­Տիւ­սա­բի, Զա­պէլ Ա­սա­տու­րի, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի օ­րի­նա­կով մե­ծա­նուն հայ կին հե­ղի­նակ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահոց երկրորդ Կիրակին յիշատակումն է՝ մարդուն դրախտէն արտաքսման։ Արդարեւ Բարեկենդանի յաջորդող այս դէպքը մեզի ցոյց կու տայ՝ անհնազանդութեան հետեւանքը, որ է ստիպուիլ լքե՛լ այն ամէն բարիք, որ հնազանդութեան եւ հաւատարմութեան փոխարէն տրուած է մարդուն։

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Ի՞նչ կո­չուե­ցաւ ե­կե­ղե­ցին,- կը հարց­նեմ սար­կա­ւա­գին, որ խո­րա­նին առ­ջեւ մո­մը բռնած Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի լոյ­սը կը սփռէ մօ­տե­ցող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն մո­մե­րը լու­սա­ւո­րե­լով:
-Ս. Խաչ, աղ­ջի՛կս,- կը պա­տաս­խա­նէ:

Էջեր