Արխիւ
ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
Գահիրէի Խալիկ էլ Մասրիի մեր տան հիւրանոցի պատշգամը փայտէ փեղկեր չունէր: Անոր փոխարէն սկիզբէն միայն դուռ մը դրուած էր, որուն մարմնին կէսէն վեր կային միջակ մեծութեամբ չորս թափանցիկ եւ քառանկիւն ապակիներ, ուրկէ առաւօտները դպրոց երթալէս առաջ արեւը մեր տունը այցելութեան կու գար:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ջերմութիւն մը տարածուած է շուրջս: Դեկտեմբեր ամսուն այսպիսի ջերմութի՞ւն, ուրկէ՞, դեռ քիչ առաջ վերարկուներով ու կծկուելով կը քալէինք: Ընդամէնը երկու ժամուան օդային ճամբորդութիւնը եւ այսքան ջերմութեան տարբերութի՞ւն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մտաւորական կեանքը ամէն հասարակութիւններու բարօրութեան եւ զարգացման անկիւնաքարերէն մէկն է, եւ թէ կարեւորագոյնը, եւ ժողովուրդի մը բոլոր հանրային գործիչները ամենէն աւելի պէտք է մտաւորապէս զարգացած եւ պատրաստուած վիճակի մը մէջ գտնուին։ Ամէն կերպով հանրութեան բարգաւաճմանը կարենալ սատարելու համար անհրաժե՛շտ է ասիկա։
Ամանորի կէս գիշերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենան աւանդական արարողութիւններ։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 31 Դեկտեմբերին, ժամը 24.00-ին, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին եւ Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի գոհաբանական մաղթանք, որուն պիտի յաջորդէ Նռնօրհնէքի արարողութիւն։
Վրաստանի վարչապետը մօտաւոր ապագային պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան:
Սարգսեան եւ Քվիրիքաշվիլի քննարկեցին զանազան ոլորտներու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ.ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Հաւատքը անտեսանելի է երբ ան մարդ արարածիս հոգւոյն մէջ պարփակուած է, նման լեռներու կողերուն մէջ խրած ու թաղուած ջրաւազաններուն, որոնց ուղխքը միայն կը տեսնես հոսուն ու կարկաջուն աղբիւրներուն մէջ»
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած՝ որպէս Նախախնամ Հայր երբեք չի թողուր իր զաւակները՝ մա՛րդը իր նեղութիւններուն, իր ցաւերուն մէջ։ Ան հաւատարիմ է Իր հայրութեան։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։
Փա՜ռք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն։
Մխիթարեան վարժարանի երգչախումբը կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ համերգով մը հանդէս եկաւ Աւստրիական մշակոյթի կեդրոնին նախաձեռնութեամբ։
Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները յաջողեցան՝ վերջին օրերուն կազմակերպուած միջվարժարանային բառախաղի մը դափնեկիրներու շարքին մաս կազմել։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան նախընթաց օր Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ այցելեց Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանը:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ ցաւակցական այցելութիւն մը տուաւ նախկին վարչապետներէն Մեսուտ Եըլմազի, որ վերջերս կորսնցուց իր որդին։
Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի յիշատակի տօնին առթիւ նախընթաց օր Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը հաւաքական զօրակցութեան նկատմամբ անխախտ հաւատարմութեամբ կը դիմաւորէ ամանոր մը եւս՝ անցեալի 185 տարիներու ծով փորձառութեամբ համախմբելով մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերը եւ արդի ժամանակներու բարդ մարտահրաւէրներու խորաթափանց գիտակցութեամբ:
Անխտիր ծառայութեան ճանապարհ:
Հոգաբարձութիւնը լիարժէք համագործակցութիւն կը ծաւալէ համայնքային հաստատութիւններու հետ:
Փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան անընդունելի համարեց՝ ընկերային ցանցերէ ներս Գթութեան յարկին դէմ յառաջ տարուած դիտումնաւոր, տխուր քարոզչական արշաւները:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ վաղը պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս Երուսաղէմի ճգնաժամին վերաբերեալ տեղի ունեցած քուէարկութեան կը յաջորդէ այս այցելութիւնը, որուն քաղաքական մեկնաբանները կը վերագրեն նուրբ նշանակութիւն։
Հայաստան-Վրաստան կապերը կը կառուցուին ժամանակի ոգիին եւ հարուստ ժառանգութեան համահունչ:
Սարգսեան ուրախութիւն յայտնեց, որ աւանդական բազմաշերտ կապերը կը հարստանան կարեւոր ձեռքբերումներով:
«Արաս» հրատարակչութիւնը Ամանորի ընդառաջ այս տարի եւս արտադրած է յուշանուէր մը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ տարի թռչնագիր տառերով զարդարուած տետրակներ պատրաստուած էին «Արաս»ի կողմէ։
Երէկ երեկոյեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի աւանդական հաւաքոյթը, որ նախատեսուած էր մնայուն բնակիչներուն համար։ Համայնքային շրջանակներն ալ լայն մասնակցութիւն բերին այս երեկոյթին։
Երէկ, Ս. Ստեփանոս նախավկայի յիշատակութեան օրը, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ծառայող սարկաւագներու տօնն էր։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առաջին անգամը չէ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը տեղ կու տայ Նիսի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ խնդրին: Երեւան կը գտնուէր Նիսի Հայ Առաքելական (օրինական) Եկեղեցւոյ խորհուրդի ատենապետ՝ Արթօ Օքսայեան: