Արխիւ
Ս. Յակոբեանց վանքի երբեմնի կալուածներու հետապնդման պատրուածքով:
Երուսաղէմի պատրիարքը դարձեալ եկած է քաղաքս ու կ՚իջեւանի «Լէ զ՚օթոման» պանդոկին մէջ:
Միջմիութենական 22-րդ գիտական մրցաշարքը երէկ երեկոյեան սկսաւ Պէզճեան սանուց միութեան մէջ։ Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Գէորգ Սիմքէշեան, որ կը գլխաւորէ միջմիութենական կարգադիր յանձնախումբը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին բացառիկ հարցազրոյցը՝ «Շանթ» հեռուստակայանին:
Ըստ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, Պոլսոյ Աթոռը կը ջանայ հաւասարապէս հնազանդիլ թէ՛ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի եւ թէ պետութեան խօսքին: Նորին սրբազնութիւնը չէ փափաքած խորանալ տեղապահի ընտրութեան նախորդած «զանազան խաղերուն» մէջ, արդարեւ շատեր աւելի վերջ պատճառները պատմեցին իրեն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ ականաւոր գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեան իր կեանքի ընթացքին շատ ծաղիկներ նկարած է, բայց ապակիի վրայ նկարած անոր ծաղիկները միակ են ու անկրկնելի: Այս ապակենկարը վերջերս Երեւան հասաւ եւ մօտ տասը օր կը ցուցադրուի Վարպետի՝ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Խաչանիշ»ը՝ Քրիստոսի կնիքը կը ներկայացնէ, որ Իրեն կը պատկանի եւ Իրեն պիտի պատկանի։ Ան կը նշանակէ նաեւ «փրկութեան այն շնորհ»ը՝ զոր Քրիստոս համայն մարդկութեան համար ձեռք ձգեց Իր Խաչով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արմատներով հաճընցի Սարգիս Վահագն (բուն անունով՝ Սարգիս Փաթափութեան) այսօրուան դրութեամբ կը համարուի սփիւռքի մէջ ապրող եւ ստեղծագործող ամենէն տարեց (ծնած է Պէյրութ 1927 թուականին), բայց «երիտասարդ» գրողը: Ծնած է Պէյրութ եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն կը հեռանայ իր ծննդավայրէն ու կը հաստատուի հայերուն համար «խոստացուած» նոր «եդեմ»ը համարուող՝ Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ:
Վատիկանի մէջ պիտի բացուի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը։ 10-րդ դարու հայ բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ աստուածաբան Գրիգոր Նարեկացիի գլուխ գործոցն է «Մատեան ողբերգութեան» երկը։ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին վերջին տարիներուն Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակած էր «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»։
Անգարա եւ Փարիզ մշտական կապի մէջ՝ միջազգային հրատապ իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր ֆրանսացի պաշտօնակցին՝ Մաքրոնի հետ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ամերիկեան ընտանիքներէն ներս կատուներու որդեգրումը որպէս ընտանի կենդանի, երկրորդ կարգի կու գայ՝ շուներէն ետք։ Կ՚ըսեն, թէ շուները հաւատարիմ կ՚ըլլան, իսկ կատուները՝ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ յատկութիւն ունին, գրաւել կարենալու իրենց տէրերու ուշադրութիւնն ու հոգատարութիւնը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքային շրջանակներու սիրուած ու յարգուած վարիչներէն մին՝ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Թավրա։ Երէց սերունդէ մեր ազգայիններու շարքին ան ունէր իր ուրոյն տեղը։ Իր բազում սերնդակիցներուն նման, ծանր պայմաններով նետուած էր կեանքի պայքարի եւ կեանքի ողջ տեւողութեան ալ միշտ եղած էր տրամադիր՝ համայնքին ծառայութիւն մատուցելու ուղղութեամբ։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Համաշխարհայնացման համայնակուլ այս ժամանակաշրջանի հրատապ խնդիրներէն է բազմաթիւ ժողովուրդներու լեզուներու նահանջը: Մասնագէտներ, լեզուաբաններ եւ լրագրողներ տարատեսակ մեկնաբանութիւններ կ՚ընեն, ուսումնասիրութիւններ կը պատրաստեն, սակայն լեզուները կը շարունակեն մահանալ, երբ խօսող չի մնար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքի մէջ սիրտը շատ կարեւոր դեր մը կը խաղայ, քանի որ մարդուս ամբողջ կեանքը կախում ունի սիրտէն։ Այս պատճառով է որ հոգեւոր աւանդութիւնը շեշտ կը դնէ սրտին վրայ՝ որ «խո՛րքն է էակին»։
Մատենադարանի ձեռագիրներու ֆոնտին 25 տոկոսը ցարդ տեղափոխուած է համակարգչային միջավայր:
Գիտական կառոյցը յառաջիկային Գերմանիայէն պիտի ստանայ նոր սարքաւորում մը՝ յաւելեալ հնարաւորութիւններով:
Երեւանի եւ Թիֆլիզի միջեւ բարեկամութիւնը կ՚ամրապնդուի փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ:
Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի. «Հայաստան եւ Վրաստան կ՚օգտուին իրարու առեւտրային գօտիներէն»:
Հայաստանի Ազգային ժողովը քուէարկութեամբ պաշտօնի կոչեց Հանրապետութեան չորրորդ ղեկավարը:
Արմէն Սարգսեան պիտի երդուէ յառաջիկայ 9 Ապրիլին: Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ շնորհաւորական:
Էսաեան վարժարանի ճատրակի խումբը վերջին օրերուն շատ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց՝ Պէյօղլուի գաւառակէն ներս կազմակերպուած միջվարժարանային մրցաշարքի արդիւնքով։ Պէյօղլուի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային այս ճատրակի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի մարզական համալիրէն ներս։
Լուսանկարիչ Մուրատ Էզէր այս շաբաթավերջին գեղարուեստասէր հասարակութեան կը ներկայանայ իր երկրորդ անհատական ցուցահանդէսով, որ կը կոչուի «Իսթանպուլահայերը»։ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի համալիրէն ներս, «Արէտ-Մոնիք Երկանեան» սրահի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ Մուրատ Էզէրի լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որու բացումը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընդունելութիւնով մը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջնականօրէն յուսալքուած չէ պատրիարքական ընտրութեան հեռանկարին շուրջ:
Պատրիարքարանէ ներս պիտի ստեղծուի խորհրդակցական մարմին մը, որուն համար ժամանակի ընթացքին պաշտօնական հանգամանք մը ապահովելու նպատակով աշխատանք պիտի տարուի: Նորին սրբազնութիւնը յառաջիկայ ամիսներուն կը ծրագրէ այցելել Անգարա՝ համայնքի հրատապ խնդիրներուն լուծում որոնելու մղումով:
Հայաստանի «Կարին» պարախումբը նախընթաց երեկոյեան խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պաքըրգիւղի մէջ։ Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ելոյթը, որ անմոռանալի դարձաւ մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։ «Կարին» պարախումբի այս ելոյթը կազմակերպուեցաւ «Մեր պարերը եւ մենք»ի պարուսոյցներուն՝ Յակոբ եւ Նարօտ Կիւլէչ ամոլին կողմէ։
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Շարականագիրներու մէջ ամենաբարձր գագաթը Ներսէս Շնորհալին է, որ բազմապիսի ու բազմատեսակ շարականներու հեղինակ է։ Անոր վաստակը մեծ է, որովհետեւ «Շարակնոց» գանձարանին մեծագոյն մասը իրե՛ն կը պատկանի, եւ ժողովուրդին կողմէ ամենէն սիրուած ու ճանչցուած երգերու հեղինակն է։