Արխիւ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2017

Երէկ, Ս. Ստեփանոս նախավկայի յիշատակութեան օրը, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ծառայող սարկաւագներու տօնն էր։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Առաջին անգամը չէ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը տեղ կու տայ Նիսի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ խնդրին: Երեւան կը գտնուէր Նիսի Հայ Առաքելական (օրինական) Եկեղեցւոյ խորհուրդի ատենապետ՝ Արթօ Օքսայեան:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2017

Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս Ամանորի ընդառաջ երաժշտահանդէս մը:
Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբը հանդէս եկաւ Փիէթրօտարքիի հետ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ, ուր կը հիւրընկալուի Վրաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2017

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին դէպի Ֆրանսա այցի արձագանգները:
Երեւանի եւ Փարիզի միջեւ ստորագրուեցաւ փաստաթուղթ մը՝ դիւանագիտական անձնակազմի մասին:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2017

Գարակէօզեանի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Ամանորի ձօնուած երկու հաւաքոյթներով։ Այսպէս, Ուրբաթ երեկոյեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար նոր տարուան խրախճանք մը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նախագահեց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Համայնքային շրջանակները հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դարձուցին թաղի վարժարանը՝ իրենց նպաստը բերելով անոր տարեկան պիւտճէի հաւասարակշռութեան:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2017

Պատրիարքական տեղապահը պատասխանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի վերջին յայտարարութիւններուն:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ընտրութեան գործընթացին շուրջ տեսակէտները ներկայացուց news.am կայքէջին:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աստուածային ստեղծագործութիւնը մշտնջենաւոր «ծրագիր» մըն է, որ հետզհետէ կը շարունակուի եւ կը յառաջանայ դէպի կատարելագործութիւն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2017

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի՝ Երուսաղէմի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը դատապարտող բանաձեւը որդեգրած 128 երկիրները շառաչուն ապտակ մը հասցուցին Թրամփին՝ մերժելով ամերիկեան օժանդակութիւնները դադրեցնելու անոր սպառնալիքը, զոր քուէարկութեան նախօրեակին վերահաստատած էր՝ նշելով. «Թող մեզի դէմ քուէարկեն, եւ մենք մեծ գումարներ պիտի խնայենք, մեր հոգը չէ»:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւանի մէջ ծնած ու մեծցած Շահնուր Մինասեան 1999 թուականէն ի վեր հաստատուած է Պելժիա: Աշխոյժ գործունէութիւն կը տանի եւ ներգրաւուած է տեղւոյն հայկական համայնքի կեանքէն ներս: Վերջին շրջանին Մինասեան քանիցս այցելեց Երեւան:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2017

Երկրին կը մօտենայ 700 մեթր տրամագիծով երկնաքար մը, որ կը նմանի մարդկային գանկի: Այս մասին կը հաղորդէ «Սայընստէյլի» կայքը՝ մանրամասնելով, որ երկնաքարը մեր մոլորակին քովէն պիտի անցնի Նոյեմբեր 2018-ին:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

Ֆրան­սա­հայ յայտ­նի նկար­չու­հի Ա­սիլ­վա վեր­ջերս հա­մա­գու­մա­րի մը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ ՄԱԿ-ի Ժը­նե­ւի կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս։

«Ա­րա­րատ» գի­տու­թիւն­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Փրոֆ. Յա­կոբ Քըր­քեա­շա­րեա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ Աս­լի­վա մաս­նակ­ցե­ցաւ ՄԱԿ-ի Ժը­նե­ւի կեդ­րո­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուած Հա­մաշ­խար­հա­յին գի­տա­կան 8-րդ հա­մա­ժո­ղո­վին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

«Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիի գործունէութեան պաշտօնական մեկնարկը՝ Սիւնիքի մարզէն ներս:
Հայաստան-Իրան սահմանին վրայ կեանքի կը կոչուի ծրագիր մը, որ ունի տարածքաշրջանային նշանակութիւն:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

Ռամկավար ազատական կուսակցութեան «Պայքար» շաբաթաթերթը վերջերս անդրադարձած է սփիւռքահայ երախտաշատ թատերական գործիչ, բեմարուեստի վարպետ Սեդի Գօչունեանին։ Յիշեալ թերթի համապատասխան համարը թէեւ մեզի հասաւ որոշ յապաղումով մը, սակայն հաշուի առնելով, որ Սեդի Գօչունեան թատերական աշխարհի տաղանդաւոր, սակայն անտեսուած նուիրեալ մըն էր՝ ստորեւ կ՚արտատպենք իրեն ձօնուած գրութիւնը, որու հեղինակն է Տքթ. Աւետիս Եափուճեան։ Հարկ է նշել, որ Սեդի Գօչունեան եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի նուիրեալներէն։ Ապրած եւ ստեղծագործած է՝ նախ Եգիպտոսի, ապա Աւստրալիոյ մէջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

Գալ­ֆաեան Տան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Ա­մա­նո­րի խրախ­ճանք մը՝ Սկիւ­տա­րի սա­նուց միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիի եր­դի­քին տակ։ Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան, Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

Պատ­րիար­քա­կան տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան վեր­ջին օ­րե­րուն հիւ­րըն­կա­լեց Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին կող­մէ խումբ մը։ Կա­մա­ւոր հո­գա­բար­ձու­ներ Ար­թօ եւ Դա­լար Հո­րո­զօղ­լու ա­մո­լին կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բին մաս կազ­մե­ցին տնօ­րէ­նու­հի Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեան, փոխ-տնօ­րէն Դա­ւիթ Խա­չատ­րեան, քա­նի մը ա­շա­կերտ­ներ եւ կրթա­կան մշակ­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հա­մա­լի­րէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­տե­րա­կան ե­րե­կոյթ մը։ Տա­տեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­մը, ո­րու ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կան յայտ­նի դե­րա­սան­ներ Սե­ւինչ Էր­պու­լաք եւ Ֆրատ Թա­նըշ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

Գում­գա­բուի մէջ ար­դէն ստեղ­ծուած է Նոր տա­րուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօ­նե­րուն բնո­րոշ ա­ւան­դա­կան մթնո­լորտ։ Պատ­րիար­քա­րա­նի տօ­նա­ծա­ռը վեր­ջին օ­րե­րուն յար­դա­րուե­ցաւ ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

Հա­յաս­տա­նի «Թա­թուլ Ալ­թու­նեան» եր­գի ու պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը այս շրջա­նին կը նշէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 80-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։  Ար­տա­սահ­մա­նի մէջ այս յո­բե­լեա­նի շար­ժա­ռի­թով ա­ռա­ջին ձեռ­նար­կը նա­խա­տե­սուած է Իս­թան­պու­լի մէջ՝ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» հա­մոյ­թին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թի եւ «Մա­րալ» հա­մոյ­թի մի­ջեւ կը շա­րու­նա­կուի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն, որ կ՚ու­նե­նայ դրա­կան պտուղ­ներ, մեր գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Էջեր