Արխիւ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեք կարճ բառերով ամրացուած է FLY կազմակերպութեան անունը, որ բացի մարդասիրական աշխատանքներ իրականացնելէ, մարդկային առաքելութեան հաւատացող խումբ մը մարդոց մէկտեղումով սկիզբ առած նախաձեռնութիւն մըն է: FLY-ը, որ բառացիօրէն՝ Freedom Loving Youth նախադասութեան առաջին սկզբնատառերու ամփոփումն է, հիմնադրուած է ամերիկահայ Գարոլին Գուզուեան-Սամուէլեանի ճիգերով:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱ­ՅՃԵԱՆ

Աստուածաշունչ մատեանը կը հաստատէ. որ Ադամ եւ Եւա Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուեցան եւ Աստուծոյ կողմէ այս երկրի վրայ հաւասարապէս, միասնաբար բազմանալու ու իշխելու պարտաւորութեան կոչուեցան (Հմմտ. Ծն 1,27-28): Արեւելքի մէջ ընկերութիւնը ենթակայ ըլլալով արական սեռի տիրապետութեան, նաեւ Հին Կտակարանին մէջ կինը կը տեսնենք ընդհանրապէս նոյն պատկերով ներկայացուած:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեր նա­խորդ խորհր­դա­ծու­թեան մէջ, Յայ­րո­սի պատ­մու­թեան մէջ մատ­նան­շե­ցինք մա­նա­ւանդ վստա­հու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, եւ վստա­հու­թեան տե­ւա­կա­նու­թեան եւ յա­րա­տե­ւու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ ա­պա­հով կեան­քի մը գո­յու­թեա­նը հա­մար։
Վստա­հու­թեան ա­մե­նա­կա­րե­ւոր բա­նա­ձեւն է՝ չվախ­նալ եւ միայն հա­ւա­տալ, ըստ Յի­սու­սի խօս­քին թէ՝ «Մի՛ վախ­նար, միայն հա­ւա­տա՛»։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017

«Առանց պատկան մարմիններու թոյլտուութեան մենք չենք կրնար ունենալ նոր գահակալ մը, իսկ սա կը նշանակէ, որ առ այժմ ընտրութիւն տեղի չ՚ունենար։ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան պէտք է ետ քաշուի՝ որպէսզի տեղի ունենան ընտրութիւններ»:
Արմատական խիստ պահանջներ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան. «Ես քանի մը անգամ ըսած եմ, որ իշխանութիւններու թոյլտուութիւնը ապահովելէ վերջ առնուին մնացեալ քայլերը, սակայն կատարուեցաւ ճիշդ հակառակը եւ այս պատճառով ալ ստեղծուեցաւ առկայ իրավիճակը»։
Նորին սրբազնութեան խօսքերով՝ Իսթանպուլի կուսակալը պաշտօնապէս յայտնած է, որ պետութիւնը դէմ չէ ընտրութեան, սակայն պէտք է վերահաստատուի այս գործընթացի սկզբնական փուլի կացութիւնը:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Ես այսօր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն աչքին կը շարունակեմ մնալ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ», երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան: Սրբազան հայրը ներկայացուց այն իրագործումները, զորս կատարած է ութ տարիներուն ընթացքին, յիշեցնելով նաեւ, որ միաբանութեան բոլոր անդամները, աշխարհական գործիչները եւ նոյնիսկ օտարներ գնահատած են իր գործունէութիւնը:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Ժամանակի ընթացքին ընդունուած կարգը այն եղած է, որ  պետութիւններու ղեկավարները եւ ընդհանրապէս առաջնորդները ըլլան տարեց: Այս երեւոյթին դէմ անշուշտ միշտ պայքարողներ եղած են: Այսօր տարեցներու հետ նոյնպէս կան բաւական երիտասարդ նախագահներ, ընդհանրապէս՝ առաջնորդներ, որոնք հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութիւններ են:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Օրհնութիւն»ը վստահութիւն կը ներշնչէ, քանի որ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Վասնզի Անոր ողորմութիւնը մեր վրայ մեծ է եւ Տէրոջը ճշմարտութիւնը յաւիտեա՛ն է» (ՍԱՂՄ. ՃԺԷ 2)։ Եւ դարձեալ. «Տէրը իմ հովիւս է, ես բանի որ կարօտութիւնը պիտի չունենամ» (ՍԱՂՄ. ԻԳ 1)։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017

Սերկէյ Առաքելեանի՝ նոր հրատարակուած «Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի ազգային ակադեմական թատրոն» գիրքը կ՚ամբողջացնէ թատրոնի 85-ամեայ պատմութիւնը:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ գրքին շնորհանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։ Ան իր խօսքին մէջ գովասանքով արտայայտուեցաւ հատորին մասին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը աւարտին հասցուց դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութիւնը:
Եդուարդ Նալպանտեան տեսակցեցաւ Ֆրանսայի նախագահի դիւանագիտական հարցերով աւագ խորհրդական Էթիէնի հետ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017

Երուսաղէմի վերաբերեալ վերջին տագնապի լոյսին տակ միջազգային քննարկում՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս:
Աշխարհի 128 երկիրներ ուղղակիօրէն դէմ հանդէս եկան Միացեալ Նահանգներու որոշման - Երեւան եւ Պաքու նոյն ճամբարին մէջ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը այս տարի Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէ դուրս իրականացուցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ։ Հայկական արուեստը Հայաստանէն դուրս ներկայացնելու՝ պատկերասրահի նպատակը որոշ չափով յաջողած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին պատկերասրահի իրականացուցած աշխատանքները ամփոփած է պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

Սա­գօ Ա­րեան կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-
Ե­րե­ւա­նի մէջ, Դեկ­տեմ­բե­մի 18-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­պում՝ նուի­րուած թուրք գրող Պիր­կիւլ Օ­ղու­զի «Հա՛հ» հա­տո­րին: Թուրք ե­րի­տասրդ գրա­գի­տու­հիին գիր­քը հրա­պա­րա­կուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող «Ան­տա­րես» հրա­տարկ­չա­տան կող­մէ: 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

Խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան միջազգային եւ տարածքաշրջանային հրատապ խնդիրներու շուրջ:
Նալպանտեան երէկ մէկտեղուեցաւ Ֆրանսայի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններէն բարձրաստիճան դէմքերու հետ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

Մամետեարով խօսեցաւ տարեմուտին Նալպանտեանի հետ նախաեսուած հանդիպման ժամկէտին մասին։
Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմանի տեսակցութիւնը։
Չավուշօղլու անկարեւոր կը համարէ Հայաստանի՝ արձանագրութիւնները առ ոչինչ հռչակելու ուղղեալ քայլը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ օրերուն հազիւ-հազ այս երկրին մէջ տեղաւորուած էինք, եւ արդէն Thanksgiving Day-«Գոհաբանութեան օր» կոչուած արձակուրդը հասած էր, իսկ անոր յաջորդ օրն իսկ, երբ տակաւին նոյնիսկ հնդկահաւակերութեան ընթրիքի ամանները չէինք տեղաւորած, մեր տունէն ներս յանկարծ տարրօրինակ հարց մը կը ծագէր: Անծանօթ եւ նոյնքան ալ՝ աղմկալից:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նի թա­տե­րա­կան կեան­քին հե­տե­ւող ա­մէն ոք «ցնցիչ» ա­նակն­կա­լի առ­ջեւ կը դրուէր, լսե­լէ ետք պէյ­րութ­ցի ա­նուա­նի դե­րա­սան եւ բե­մադ­րիչ Զիատ Ի­թա­նիի ձեր­բա­կալ­ման լու­րը: 
Այս հա­ղոր­դու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք երկ­րին մէջ շրջան կ՚ը­նէին տա­րա­տե­սակ խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ եւ ա­սէ­կօ­սէ­ներ, ըստ ո­րոնց Ի­թա­նի ձեր­բա­կա­լուած էր ան­հա­տա­կան խնդրի մը, կամ «սի­րոյ պատ­մու­թեան» մը հի­ման վրայ, սա­կայն ե­ղա­ծը ա­ւե­լի ծանր էր: 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արեւմտահայերէնի նուիրեալ գործիչը Երեւանի մէջ շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ մեկնաբանելով հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլը:
Տքթ. Արմենակ Եղիայեան. «Մեր գոյութեան գերագոյն իմաստն է Հայաստանը, որուն համար պէտք է գուրգուրանք Սփիւռքին, պահենք մեր լեզուն ու առաւելագոյնս դիմանանք»:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ամէն մարդ որոշ տարողութիւն մը եւ կարողութիւն մը ունի յառաջանալու՝ իր նպատակին հասնելու համար։ Իւրաքանչիւր անձ իր անձնական ուժերուն համեմատ յաջողութիւն կրնայ ձեռք բերել՝ նպատակի մը հասնելու համար։ Ուստի ոեւէ անձէ մը իր կարողութենէն եւ տարողութենէն վեր որեւէ բան սպասել անիմաստ է, քանի որ միշտ պէտք է հաշուի առնուի «անկարելի՛»ն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2017

Հայաստան-Եւրոմիութիւն համաձայնագրի կտրած ուղիի եւ խոստացած հեռանկարներու լոյսին տակ:
Երեւանի առջեւ նոր կարելիութիւններ կ՚ուրուգծուին՝ իր դիրքերու ամրապնդման եւ ներուժի օգտագործման առումով:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2017

Երէկ, հայճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն, որուն կ՚ընկերանային նոյն խորհուրդի սիւներէն Նազար Գալփաքճը եւ թաղի վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արա Էրօլ Չընար։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը յայտնեցին, որ փափաքած էին տեղեկութիւններ փոխանցել Եշիլգիւղի ընտանիքին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։

Էջեր