Արխիւ
Մեծ պահոց շրջանի հանգստեան ժամերգութիւն-հսկման արարողութեան ատեն յատուկ մաղթանք:
ԳՀԽ-ի կանոնադրութեան վերջնական տարբերակը պիտի ներկայացուի Ազգային-եկեղեցական ժողովի վաւերացման:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ պատերազմի ներկայ փուլը կը յատկանշուի մասնաւորապէս երկրի հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող արագ զարգացումներով: Խնդիրն այն է, որ Սուրիոյ պատերազմին մասնակիցներուն կամ այդ պատերազմի ընդհանուր հունին վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր կողմերուն համար նոր հանգրուան մը կը բացուէր այդ երկրին մէջ սպանդներու, ոճրագործութիւններու, աւերակումներու պատճառ դարձած ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ազդեցութեան տկարացմամբ:
ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ
Տօնածառին լոյսերը կը վառին ու կը մարին: Կը նայիմ անոնց՝ անփոյթ եւ անգործ: Ի՜նչ լաւ է այս զգացումը, կը խորհիմ: Տաքուկ, հանգիստ եւ անհոգ, տունը նստած՝ տօնածառը կը դիտեմ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Աղջի՛կ ճան, էդ երեխու ձէնը կտրի, էլի՛:
«Աղջի՛կ ճան»ը «Սատկելի՛ք»ի պէս կը հնչէ, մանաւանդ երբ այս վանկերը կը լսես առտուան ժամը ութին, վարձած տանդ կողքի բնակիչներէն: Խօսողը, այլ՝ դժգոհողը, տան հարսին կեսուրն է, աս ալ իմացած եմ ամէնօրեայ իրենց բարձրաձայն զրոյցները ակամայ ունկնդրելով, տանդ մէջ կը բնակին կարծես, ամէն ինչի մասին կը տեղեկանաս:
Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսաւ «Գերմանական Կվինտետ» անուն գիրքը, որու հեղինակն է յայտնի քաղաքական մեկնաբան, «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեան։ Լրագրող ըլլալու առընթեր, հեղինակը միեւնոյն ժամանակ երաժշտագէտ է եւ արուեստագիտութեան թեկնածու։
Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի կազմը ներկայ մրցաշրջանին կ՚արձանագրէ բացառիկ յաջողութիւններ։
Շիշլիցի աղջիկները շրջանային լիկը առաջնութեամբ աւարտելէ վերջ, աւարտական փուլին ալ արձանագրեցին իրերայաջորդ յաղթանակներ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ թափով յառաջ կը տարուին նախապատրաստական աշխատանքներ:
Երիտասարդական տարուան ծիրէն ներս, յառաջիկայ Յուլիսին նախատեսուած են մեծ ձեռնարկներ՝ նոր սերունդի համախմբումով:
Հոլանտայի խորհրդարանը երէկ հաւանութիւն տուաւ՝ վերջերս օրակարգի վրայ եկած հայկական բանաձեւերուն։ Այս որոշումը առնուեցաւ այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, երբ Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի յարաբերութիւններուն գծով կ՚ապրուին վերիվայրումներ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Լիբանանի նախագահ Միշել Աունը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Նախագահական ապարանքին մէջ Սերժ Սարգսեան զինուորական պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։
Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին յառաջ կը տանին «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր ոչնչացուած ահաբեկիչներու թիւը հասած է 1873-ի։
Նոթրը Տամ տը Սիոն ֆրանսական լիսէի երդիքին տակ փայլուն երաժշտահանդէս:
Վահան Մարտիրոսեան եւ Լուսինէ Յարութիւնեան խորապէս տպաւորեցին ունկնդիրները:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին այս առաւօտ հրապարակուեցաւ պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ կը մատնանշուի պետութեան հետ սահմանուած ընթացակարգով ընտրութիւններու կազմակերպումը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը արտայայտեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ դիրքորոշումը: Նկատի կ՚առնուի Կրօնական ժողովի 9 Փետրուար 2018 թուականի որոշումը: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հանդէս եկաւ շինիչ ու շրջահայեաց յորդորներով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը լսուի դժգոհութեան, գանգատի ձայներ. «Երիտասարդ սերունդը եկեղեցի չի յաճախեր, օտարացած է իր եկեղեցիին, պաշտամունքի…»։ Բայց գանգատողներ չեն պրպտեր, թէ ի՞նչ է պատճառը այդ օտարացման, թէ երիտասարդ սերունդը ինչո՞ւ հեռացած է եւ հետզհետէ կը հեռանայ եկեղեցիէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բամբասանքը չարախօսութեան եւ անիմաստ, սնամէջ խօսակցութեան այն ընդհանրացած ձեւն է, որ թէ՛ ընկերային եւ թէ ընտանեկան կեանքի մէջ անդարմանելի վէրքերու պատճառ կը դառնայ։ Ան անբուժելի, կործանարար, աւերիչ եւ վարակիչ ախտ մը՝ հիւանդութիւն մըն է, որ կը սնանի մարդուն տկարութենէն, թերութիւններէն եւ մանաւանդ անկայուն եւ անվստահելի նկարագիրէն։
Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը կը ստորագրէ արտօնութեան համաձայնագիր մը՝ Milestones ընկերութեան հետ։ Այսպէս, Հոլիվուտի Առեւտը-րարդիւնաբերական պալատը եւ Milestones ընկերութիւնը ստորագրած են Համբաւի ճեմուղին (Walk of Fame) Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծելու համաձայնագիը:
Միացեալ Նահանգներ բնակող իրանահայ ճարտարագէտ Արմէն Սագինեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստան եկած է ներդրումային երկու ծրագրեր իրականացնելու նպատակով: Առաջին ծրագիրը կը վերաբերի Իրանի սահմանին՝ Մեղրիի շրջակայքին զուարճանքներու ընդգրկուն համալիր կառուցելուն, որ պիտի ներառէ ժամանցի համար նախատեսուած բոլոր պայմանները՝ ճաշարաններ, սրճարաններ եւ շարժապատկերի սրահներով յագեցած, նոյնիսկ կրնայ ըլլալ, որ համալսարան կառուցուի:
ԵՄ եւ Հայաստան կը պատրաստուին իրականացնել Գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:
Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռի մէջ հիւրընկալեց Միշել Աունը:
Հայաստանէն յայտնի նկարիչ Տիգրան Մատուլեան երէկ ցուցահանդէս մը բացաւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոսութեան մշակոյթի կեդրոնին՝ Պէյօղլուի «Շիշմանոկլիօ» ապարանքի երդիքին տակ։ Սա նկարչի առաջին անհատական ցուցահանդէսն է Թուրքիոյ մէջ։
«Քոմշու քափըսը» Մաչքայի զօրակցութեան միութեան երդիքին տակ անմիջական մթնոլորտով երեկոյթ:
«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնը միշտ այժմէական՝ իր շօշափած խնդիրներով: