Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեքշաբթի երեկոյեան, Պրիւքսելի մէջ կ՚աւարտէր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ «սպասուած» հանդիպումը: Սպասուած, որովհետեւ երկար ամիսներէ ի վեր երկու պաշտօնատարները չէին հանդիպած:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Անպատասխանատուութիւնը անտարբեր մարդուն գործելաոճն է, բայց պատասխանատուութիւնը՝ յանձնառու մարդուն կեանքի ընթացքն ու դափնեպսակն է։ Պատասխանատու մարդը իր կեանքի գնացքին մէջ ամենադոյզն պաշտօններուն մէջն անգամ բծախնդրութեամբ, ջանադրութեամբ եւ անձնուիրութեամբ իր գործը յաջողութեամբ պսակին կը հասցնէ, որովհետեւ պատասխանատուութեան վառ գիտակցութիւնը իր մտասեւեռակէտին վրայ միանգամընդմիշտ թաջուած է։
Նախկին պոլսահայ, այժմ գանատաբնակ Յակոբ Տէօքմէճեան ներկայիս կ՚այցելէ քաղաքս։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք զինքը հիւրընկալելու խմբագրատանս մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կենդանի հաւատքը՝ զօրաւոր եւ անկեղծ հաւատքը թեւեր ունի, արծիւի թեւեր եւ երբեք փլատակներու մէջ թաղուած, անշարժ չի՛ մնար։ Կենդանի հաւատքը, այս իմաստով, կ՚ապրի, կը շնչէ եւ կը խօսի, կեանք կու տայ եւ կը զօրացնէ հոգին, դիւրատար կ՚ընէ երկրաւոր կեանքը, որ բազմատեսակ նեղութիւններու, անհամար դժուարութիւններու մէջէն իրեն ընթացք մը, ելք մը, ուղղութիւն մը կ՚որոշէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Փարիզի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի կողմէ։ Թրամփ այսօր Փարիզի մէջ կը մասնակցի 14 Յուլիսի՝ Ֆրանսայի Ազգային տօնի արարողութիւններուն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ժողովը բացուեցաւ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի աղօթքով:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդը բարձր կը գնահատուի՝ բոլոր դաւանանքներու հետեւորդներուն վրայ գործած հսկայական ազդեցութեամբ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Առանց մշակոյթի մարդը կը նմանի վագերաձիի, որ իր վրայ գիծեր չունի:
(Ափրիկեան առած)
Եթէ համեստանանք, ափրիկեցիէն սորվելիք ունինք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ երբեմն կը հանդիպի համեստ խաւերու մէջ այն տեսակ պատուական տիպարներու, որոնց նմանը շատ անգամ կարելի չ՚ըլլար գտնել ընկերային աւելի բարձր շրջանակներու մէջ։
2017-ին Հայաստան առաջին անգամ մասնակցած է Technovation Challenge միջազգային մրցոյթին: Կարբիի դպրոցի One Step Ahead աւագ խումբը «Կրթութիւն» անուանակարգին մէջ յաղթած է Armenian Sign Language յաւելուածով:
Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին մէջ մեկնարկած է ֆիլմերու յատուկ աշխատարան, որ կը վարէ արցախցի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Փարիզի «Ակն» ընկերակցութեան կողմէ հրատարակուած է շահեկան գիրք մը՝ հայկական եկեղեցական երաժշտութեան մասին։ Տեղւոյն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարի երաժշտապետ Արամ Քերովբեանի կողմէ հեղինակուած գործը կը կոչուի «Ձայն յանապատի. եկեղեցական երաժշտութեան բարեկարգումը ԺԹ. դարու վերջաւորութեան»։
Լիբանանահայ յայտնի ազգային գործիչ Սարգիս եւ Զուարթ Նաճարեան ամոլը վերջերս պարգեւատրուեցաւ Երեւանի մէջ։ Նաճարեաններուն համար մեծարանքի արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս։
Թուրքիա-Ռուսաստան ռազմական համագործակցութիւնը կը զարգանայ օրէ օր:
Արեւմտեան աղբիւրները անակնկալ չեն համարեր՝ յաջորդ շաբաթ համապատասխան փաստաթուղթին ստորագրուիլը երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն կողմէ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը ոչ թէ կ՚իրականացնէ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի պաշտպանութիւնը, այլ կը կանխէ Իրաքի ճակատագրի կրկնութիւնը Սուրիոյ պարագային։
«Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի տասնչորրորդ միջազգային փառատօնի ծրագիրը յաջող ընթացքի մէջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ հիւրերուն հետ: Տիգրան Մանսուրեան արժանացաւ «Եղիցի լոյս» մրցանակին:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ:
Միջնորդները վերստին պիտի ուղեւորուին դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն ներս նոր գայթակղութիւն՝ վանքապատկան կալուածի մը ապօրէն վարձակալութեան շուրջ:
Տնօրէն ժողովի անվաւեր նիստով ու ծիծաղելի գումարներով կնքուած կասկածայարոյց պայմանագրերը կը թաքցուին Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերու կամաւորական ծրագրերու մասնակիցները։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողակարգային լրատուութեան բաժանմունքը կը տեղեկացնէ.-
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս գոյութիւն ունի պարտէզ մը, որուն յիշատակը աւանդուած է երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքէն։

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի համակրելի մենակատարներէն Սիպիլ հրաւիրուած է Լոնտոն։