Արխիւ
ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Թուիթըրի օգտատէրերէն մէկը, հաւանաբար բարկութեան մէկ պահուն, գրած էր, թէ յաղթանակէն ետք յեղափոխականները պիտի վտարեն հայերը Սուրիայէն՝ դէպի իրենց նախկին բնակավայրերը, որովհետեւ իրենց հետ չեն գործակցիր: Ան չէ նշած, թէ ո՛ւր, նկատի ունենալով, որ հայերը Սուրիոյ զաւակներն են, չէ՞ որ անոնք հոս ծնած են, Սուրիա ծնած են նաեւ անոնց հայրերն ու մեծհայրերը, եւ սերունդէ սերունդ յատկանշուած են իբրեւ այս երկրի հաւատարիմ, ազնիւ քաղաքացիներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլացի պատասխանատուներուն համար նախկին հետաքրքրութիւնը չունին Սուրիոյ պատերազմական ճակատին վրայ ընթացող զարգացումները: Պաշտօնական Թել Աւիւի մէկէ աւելի բանբերներ սկսած են բացայայտօրէն խօսիլ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակարգէն Իսրայէլի ունեցած «ակնկալութեանց» մասին եւ շեշտը կը դրուի յատկապէս ամերիկեան վերնախաւին մօտ Թեհրանի դէմ մթնոլորտ մը հրահրելու «անհրաժեշտութեան» մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պիղատոսի հեգնական հարցումը՝ թէ «ի՛նչ է ճշմարտութիւնը», անպատասխա՛ն կը թողու Յիսուս։
Այս լռութիւնը անշուշտ ունի բազմաթիւ պատճառներ։

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օրերս յայտնի դարձած են Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ գտնուող Վերին Մզկիթին (Վերին Ճումայի) մէջ իրականացուած հնագիտական պեղումներուն արդիւնքները: Պատմական այս քաղաքի Վերին մզկիթի տարածութեան մէջ յայտնաբերուած են իսլամական գերեզմանոցի մը տապանաքարերը, որոնք կը թուագրուին 1905-1906 թուականներով:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Կիրակի, Մայիս 7-ին, յայտարարեցին, թէ ձերբակալուած է զինուորներէ եւ քաղաքացիներէ բաղկացած խումբ մը, որ կ՚ամբաստանուի Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններուն հետ համագործակցելու մեղադրանքով: Ըստ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին, պաշտօնական աղբիւրներուն համաձայն՝ խումբը իբրեւ թէ սադրանքներ ծրագրած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Թերթեր շրջանի բնակավայրերուն դէմ:
Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէյլ-Փասատինայի շրջանային մասնաճիւղերուն համատեղ նախաձեռնութեամբ ձեռնարկ մը:
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Երուանդ Ազատեանի ի պատիւ սարքուած ընդունելութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն:
Երէկ, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ փուլը։ Մարին Լը Փենի եւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի ընտրապայքարին արդիւնքը վճռեցին ֆրանսացի ընտրողները, որոնց շուրջ 74 տոկոսը մասնակցեցաւ քուէարկութեան։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ անմոռանալի ելոյթով մը։ Միութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին ձօնուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն կը սպասուէր երկար ժամանակէ ի վեր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Փոխ-նախարարի խօսքերով՝ Հայաստան այսօր ալ պատրաստ է կեանքի կոչելու Թուրքիոյ հետ Զիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները:
Շաւարշ Քոչարեան. «Եթէ Ռուսաստան փափաք ունենայ օգտագործել իր ազդեցութիւնը Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման համար՝ լաւ կ՚ըլլայ»:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ այս առաւօտ սկսաւ ճատրակի մրցաշարք մը։ Տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած աւանդական այս մրցաշարքը արդէն 13-րդ անգամ տեղի կ՚ունենայ։
Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքոյթը երէկ արտասովոր օր մը պարգեւեց Գումգաբուի ընտանիքին։ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեանի ձեռամբ, առաւօտուն Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան դպրոցի հիմնադիրները, հին տնօրէնները, կրթական մշակները, սատարողներն ու սաները։
Մխիթարեանի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ՝ վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Տարեկան աւանդական խաւիծի օրը բարձր տրամադրութիւնով համախմբեց զանազան սերունդներէ ընթացաւարտ սաները, որոնք ապրեցան զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային բոլոր յարաբերութիւններ, որպէսզի առողջ ընթացք մը ունենան, անհրաժեշտ է սրտի մաքրութիւնը։
Սրտի մաքրութիւնը, առաքինութեան եւ ազնուութեան հիմն է, որով կարելի է բարեբեր յարաբերութիւններ մշակել, խաղաղութիւն հաստատել եւ մարդկային արժանապատուութիւնը միշտ վե՛ր պահել։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Գրագիտութիւնը միայն ուսման եւ վկայականներ ստանալուն չի՛ վերաբերիր, ոչ ալ պաշտօններու հասնելու զէնքերէն մին կը հանդիսանայ, այլ ան աղերսուած է կեանքի բազմաբնոյթ շերտերուն եւ երեւոյթներուն հետ։ Անգրագիտութեան ու անպատասխանատուութեան իբրեւ արդիւնք՝ այսօր, դժբախտաբար, ականատեսները կը դառնանք կամակայան հաճոյքի մը պատճառաւ մանուկներու արհեստական ընդհատման խնդրին՝ վիժման ու ապա մահուան։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հայերէնը Հայաստանի մէջ «կեանքի լեզու» է, իր դպրոցներով, բարբառներով, փողոցի լեզուով, թերթերով, ձայնասփիւռով, հեռատեսիլով, գրողներով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մարտի կէսէրուն Սէուատական Արաբիոյ փոխ-գահաժառանգ Մուհամմէտ Պըն Սըլման իշխանը Ուաշինկթըն կ՚այցելէր եւ հանդիպում կ՚ունենար Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
Ռուսաստան-Ատրպէյճան գործարքները կը սպառնան տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն:
Հայաստան ամէն անգամ պարզապէս պէտք է մտածէ հակաթոյներու մասին՝ հաշուի առնելով նոր պատերազմի մը վտանգը:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի շրջաններուն միջեւ համագործակցութիւնը կը զարգանայ ամբողջ թափով:
Նահանգապետ Կէորկի Փոլթաւչենքօ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Երեւանի մէջ:
Սփիւռքահայ արդիւնաբերողներու արտադրանքները երէկ ներկայացուեցան ցուցահանդէս-վաճառքով:
Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկի բացման ներկայ էր Հրանոյշ Յակոբեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յինանց Դ. Կիրակին սովորաբար կը կոչուի «Կարմիր Կիրակի»։ Այս կը համապատասխանէ նաեւ Յինանց 22-րդ օրուան։
«Եւ այն զի՞ կոչի
«Կարմիր Կիրակի
«Եւ յոյժ պատշաճի,
«Զի արեամբ ծաղկի»։