Արխիւ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ «Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մա­հիմ­նա­դիր­ներ՝ Ռու­բէն Վար­դա­նեա­ն եւ Նու­պար Ա­ֆէեա­ն լ­րագ­րող­նե­րուն հետ յա­տուկ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին յայտ­նե­ցին 2017 թուա­կա­նի «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի յա­ւակ­նորդ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը: Հա­յե­րուն հիմ­նած մի­ջազ­գա­յին այս մրցա­նա­կը կը շնոր­հուի Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած­նե­րու ա­նու­նով եւ ի ե­րախ­տա­գիտու­թիւն ա­նոնց, ո­րոնք փրկու­թեան ձեռք մեկ­նած են հայ ժո­ղո­վուր­դին:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

22 Մարտ 2017. Ո­ւի­թըն­պերկ՝ այս­պէս ը­սած նախ­կին ա­րե­ւե­լեան Գեր­մա­նիոյ գե­ղե­ցիկ քա­ղաք­նե­րէն մէ­կը: Հոն, ուր Մար­թին Լու­տեր ապ­րե­ցաւ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծեց, հի­մը դնե­լով նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ ու ընդ­հան­րա­կան կեան­քի բա­րե­կար­գու­մի գոր­ծըն­թա­ցին:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Բարձ­րա­ցած են ջա­հե­րը, մո­մե­րը եւս, ու կը քա­լեն ա­նոնք, ար­շաւ մը կազ­մած կ­­՚ուղ­ղուին դէ­պի կան­չը բնազ­դին: Ա­յո, բնազդ դար­ձած կանչն է զի­րենք մղո­ղը, կան­չը ար­դա­րու­թեան, փաս­տը գո­յու­թեան հին ազ­գի մը, որ ու­նի հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն եւ դա­րու մը պա­հանջք:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ միշտ կը պա­տա­հին ա­նի­րա­ւու­թիւն­ներ, սխալ­մունք­ներ։ Ա­սի­կա կը տես­նուի պատ­մու­թեան մէջ եւ այն­քան ա­տեն որ մարդ­կու­թիւ­նը շա­րու­նա­կէ իր գո­յու­թիւ­նը, պի­տի պա­տա­հին, քա­նի որ մարդ, էա­պէս, թե­րու­թիւն­ներ եւ տկա­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցող էակ մըն է։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017

Նա­խըն­թաց օր հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նի տիկ­նանց կազ­մէն Լի­զի Չեր­մէ Ճի­վա­նեանն ու Նա­զե­նի Թըր­թը­րը։ Հարկ է նշել, որ ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­թիլ­տա Ֆ­­րա­տօղ­լուի մա­կա­նին ներ­քեւ գոր­ծող այս յանձ­նա­խում­բը կազ­մա­կեր­պած է կա­նա­նց հա­ւա­քոյթ մը, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան այս օ­րե­րուն կը գտնուի Գեր­մա­նիոյ մէջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ան­ցեալ Ե­րեք­շաբ­թի յետ­մի­ջօ­րէին մեկ­նած է Քէօլն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ան­գա­րա­յի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ճոն Պես­սը։ Այս վերջ­նոյն կ՚ըն­կե­րա­նար նաեւ Իս­թան­պու­լի մօտ ԱՄՆ-ի ա­ւագ հիւ­պա­տոս Ճե­նի­ֆըր Տէյ­վիս։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրապետութեան նախագահին:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատնանշեց, որ Էրտողանի պատգամը գոհունակութեամբ ընկալուած է համայնքին կողմէ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017

Երեւանի մէջ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ օփերայի միջազգային փառատօն մը, որ կը սկսի այսօր:
Մեծանուն թենոր Գեղամ Գրիգորեանի յիշատակին ձօնուած նախաձեռնութիւնը պիտի ունենայ ամենամեայ բնոյթ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017

Հնդկաս­տա­նի Փոխ-նա­խա­գահ Հա­միտ Ան­սար ե­րէկ ա­ւար­տեց դէ­պի Ե­րե­ւան իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Շփում­նե­րուն վեր­ջին օ­րը՝ ե­րէկ, Հա­միտ Ան­սար այ­ցե­լեց Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նը, ուր հան­դէս ե­կաւ դա­սա­խօ­սու­թիւ­նով մը եւ ի­րեն շնոր­հուե­ցաւ պա­տուոյ տոք­թո­րի կո­չում։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017

16 Ապ­րի­լին տե­ղի ու­նե­ցած հան­րա­քուէի ար­դիւն­քը կը շա­րու­նա­կէ վէ­ճի ա­ռար­կայ մնալ Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գին վրայ։ Ե­րէկ, գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ՃՀՓ տե­ղե­կա­ցուց, որ կը պատ­րաս­տուի հան­րա­քուէի ար­դիւնք­նե­րը վի­ճար­կել Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նին (Ե­ՄԻԱ) մօտ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ քննարկումները այսօր երկար ընդհատումէ վերջ կը շարունակուին Մոսկուայի մէջ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով կը մէկտեղէ իր հայ եւ ազէրի պաշտօնակիցները՝ Եդուարդ Նալպանտեանն ու Էլմար Մամէտեարովը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017

Չե­խիոյ խորհր­դա­րա­նը ե­րէկ ըն­դու­նեց բա­նա­ձեւ մը, ո­րով ճանչ­ցաւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը։ Այս բա­նա­ձե­ւին հե­ղի­նակն էր Սո­ցիալ-դե­մոկ­րատ Ռո­պին Պեոհ­նիշ, որ կը գլխա­ւո­րէ Չե­խիոյ խորհր­դա­րա­նէն ներս Հա­յաս­տա­նի հետ բա­րե­կա­մու­թեան ե­րես­փո­խա­նա­կան խում­բը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017

​Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ վե­րի­վայ­րում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ե­րէկ, Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վը (ԵԽԽՎ) ըն­դու­նեց Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ ժխտա­կան ո­րո­շում մը, ինչ որ պատ­ճառ դար­ձաւ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան բուռն հա­կազ­դե­ցու­թեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017

Հայաստան եւ Հնդկաստան փոխյարաբերութիւններու զարգացման հետամուտ:
Փոխ-նախագահ Համիտ Անսար երէկ ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017

Թուրքիա տարածքաշրջանէն ներս բացարձակապէս չի հանդուրժեր ՓՔՔ-ի եւ անոր յարակից կառոյցներու ահաբեկչական լծակներուն:
Բանակը սաստիկ ռմբակոծումներ կատարեց Իրաքի Սինճարի շրջանին եւ Սուրիոյ Քարաչոք լերան մէջ. զինեալ ուժերու գործողութիւնները պիտի շարունակուին:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017

​Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ ա­շա­կերտ­նե­րը գար­նա­նա­յին գու­նա­գեղ խան­դա­վա­ռու­թեամբ տօ­նե­ցին Սուրբ Զա­տի­կը։ Դպրո­ցէն ներս այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ մաս­նա­ւոր հան­դէս մը, ո­րու ըն­թաց­քին տղա­քը հան­դի­սա­կան­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին նաեւ տօ­նին խոր­հուր­դը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

«Բանալի» հարցադրում մը. բայց այդ «բանալի»ն երկսայրի սուրի նման երկու ծայրեր ունի։ Այդ երկու ծայրերու անուններն են դաւաճանութիւն եւ վստահութիւն, որոնք ընկերութեան մը երկու ներհակ «բանալի»ներն են։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017

«Լվովի հայկական տաճարի վերածնունդը»՝ կը մատուցուի գեղարուեստական բարձր ճաշակով:
Երեւանի մէջ, Ազգային Պատկերասրահի երդիքին տակ կազմակերպուած ցուցահանդէսը բացուեցաւ հանդիսաւորապէս:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քի մէջ յա­ջո­ղե­լու եւ մտադ­րուած նպա­տա­կի մը հաս­նե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­ներ են՝ գի­տու­թիւ­նը, աշ­խա­տու­թիւ­նը եւ կար­գա­պա­հու­թիւ­նը, բայց յա­ջո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեալ ըլ­լա­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է նաեւ այս ե­րեք պայ­ման­նե­րու մէջ յա­րա­տե­ւու­թի՛ւ­նը։

Էջեր