Արխիւ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան բացառիկ ու ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Խորհրդային տարիները անժխտելի հետք մը թողած են մեր մտածելակերպին եւ ըմբռնումներուն վրայ։ Բարեբախտաբար, վերջին քսանհինգ տարիներուն կը փոխուի այդ մէկը, բայց իմ կարծիքով՝ աններելիօրէն դանդաղ կը փոխուի։ Իրաքի եւ Սուրիոյ դէպքերուն պատճառով մենք աւելի մօտէն ճանչցանք մեր սփիւռքահայ հայրենակիցները»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս ըսինք, անհատը «ա՛նձ» է եւ ինքնութիւն կը ստանայ իր անունով։ Մէկ խօսքով մէկու մը անունը «ի՛նք»ն է եւ անբաժան իր ինքնութենէն։
Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ կայացած աշխատանքային հերթական խորհրդակցութեան ժամանակ՝ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան յանձնարարած է քաղաքապետի տեղակալներ Արամ Սուքիասեանի եւ Դաւիթ Օհանեանի գլխաւորութեամբ ստեղծել աշխատանքային խումբ մը, որ սեղմ ժամկէտի մէջ պիտի ներկայացնէ մայրաքաղաքին մէջ Ամանորի տօնակատարութիւններու կազմակերպման եւ իրականացման համապարփակ ծրագիր: Այս մասին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Դաւիթ եւ Նաթալի Գազանճեան ամոլը։ Հարկ է նշել, որ Սուրիոյ ներքին պատերազմէն խոյս տալով Հայաստան փոխադրուած են Գազանճեանները, որոնց երկու որդիները ծառայութեան կոչուած են Հայկական զինեալ ուժերուն մօտ։ Սուրիահայ այս ընտանիքի զաւակներուն հայոց բանակէն ներս ծառայութեան անցնիլը վերջին օրերուն ստեղծած է լայն արձագանգ։
Հայաստանի մէջ քննարկման առարկայ է արեւմտահայերէնի դպրոցներէ ներս ուսուցման խնդիրը:
Սփիւռքի փոխ-նախարար Սրապիոնեանի խօսքով, խառն ամուսնութիւններու հարցը դարձած է մարտահրաւէր:
Եւրոխորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) «Եւրոպական պահպանողականներ» խումբի ղեկավար Եան Լիտըլ-Կրէյնճէր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի սաները վերջերս մասնակցեցան շարք մը ընկերային ձեռնարկներու։ Այսպէս, դպրոցէն խումբ մը աշակերտներ այցելեցին Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառը։
Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակին առթիւ երէկ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գումգաբուի մէջ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց տօնակատարութիւններուն, որոնք համախմբեցին համայնքային շրջանակները:
«Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցը օժտուած է ֆիզիքական բոլոր հնարաւորութիւններով եւ արդի սարքաւորումներով:
Գարակէօզեանի ընտանիքը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ վիթխարի ձեռքբերումի մը առթած խանդավառութեամբ ու նոր հեռանկարներու ակնկալութեամբ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր արժէքաւոր գիտնականներէն Յովհաննէս Գամէր Քէօսէեան վերջերս արձանագրած է փայլուն նուաճում մը։ Ըստ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Փրոֆ. Արսէն Արշըքի մեզի փոխանցած տեղեկութիւններուն, Պողազիչի համալսարանի տոքթորականի բաժնի ուսանող Յովհաննէս Գամէր Քէօսէեան պատուաբեր մրցանակի մը արժանացած է CERN-ի կողմէ։
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ «Յակոբ Պարոնեան» երաժշտական երգիծանքի պետական թատրոնի 75-ամեակը։
ՆԱԹՕ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նստաշրջանին շրջագծով լարուածութիւն:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու խիստ պատասխան մը տուաւ Կորիւն Նահապետեանի հարցման:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Աֆղանիստանի ԻՇԻՊ-ի ղեկավարներէն Ապու Օմար Ալ Խորասանի իր գոհունակութիւնը յայտնած է, որ Տանըլտ Թրամփ հասաւ Սպիտակ տուն: Արմատական առաջնորդը ըսած է, որ այդ ընտրութեամբ ամերիկացիք «իրենց գերեզմանները պիտի փորեն եւ կը սպասենք, որ մեծ թիւով ճիհատականներ վերստին միանան մեր շարքերուն»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր երկօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Նորին Սրբութեան կ՚ընկերանան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, գաւազանակիր Տ. Աղան Աբեղայ Երնջակեան եւ Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան։
Անահիտ Սարգիսեանի, Մարալ եւ Վահան Քերովբեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած է մանուկներու համար 4.24 վայրկեաննոց խաղ-կենդանապատկեր՝ «Մատիտը եւ Նինինուն» ձայներիզը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր անհատ «ա՛նձ» մըն է իր ինքնութեամբ եւ ամէն անձ ի՛նքն է իր անունով։ Այս իմաստով, անունը կը ներկայացնէ անձը՝ իր ինքնութեամբ, որ կը զանազանուի «ուրիշ»ներէն եւ իր «նման»ներէն։ Ուրեմն անունը անձին, ուրիշներէ անկախ ինքնութեան մը ստուգանի՛շն է։ Անունը՝ մարդս կ՚որոշէ որպէս ա՛նձ, որպէս ի՛նք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խօսքը, ընդհանրապէս, որքան ալ կարճ ըլլայ եւ պարզ, եթէ ճշմարիտը եւ ճշմարտութիւնը կ՚ըսէ, հրապուրիչ կողմ մը կ՚ունենայ, եւ կը տպաւորուի միտքերու մէջ։
Պուլկարիոյ «Փեն» ակումբի եւ Պուլկար գրողներու միութեան «Փլամք» ամսագիրը, Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով, իր աշնանային հրատարակութիւնը ամբողջութեամբ պիտի նուիրէ հայ դասական եւ ժամանակակից գրականութեան՝ Մաշտոցէն եւ Նարեկացիէն մինչեւ մեր օրերը:
Եւրոյանձնաժողովի Հետազօտութեան, գիտութեան եւ նորարարութեան հարցերով յանձնակատար Քարլոս Մոէտաս, որ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան շրջագծով նախատեսուած երկխօսութեան հանդիպման մը համար կը գտնուէր Երեւանի մէջ, երէկ այցելեց Մատենադարան։ Յանձնակատար Մոէտասին ընկերացաւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան։
Նախընթաց օր, Air France նշած է Փարիզ-Երեւան թռիչքներու հաստատման 10-րդ տարեդարձը: Air France-ի առաջին թռիչքը տեղի ունեցած էր 2006 թուականին՝ Շարլ Ազնաւուրի մասնակցութեամբ: Այս տասը տարիներու ընթացքին Փարիզ-Երեւան թռիչքներէն օգտուած է աւելի քան 500 հազար ճամբորդ: